
ԵՄ-ն Հայաստանի Մէջ Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Վրայ 40 Դիտորդ Տեղակայելու Որոշում Ընդունած է
Եւրոպական Միութիւնը որոշում կայացուցած է 40 հոգինոց դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու Հայաստան, որ պիտի տեղակայուի հայ-ազրպէյճանական սահմանին։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, հաղորդագրութիւն հրապարակուած է Եւրոպայի խորհուրդի պաշտօնական կայքին մէջ։
Կը նշուի, որ առաքելութեան նպատակն է իրավիճակի կարգաւորումը, վերլուծութիւնը եւ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակին վերաբերեալ հաշուետւութիւնը։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ այս որոշումը կը յաջորդէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Հոկտեմբեր 6-ին կայացած քառակողմ հանդիպման։
Եւրոպայի խորհուրդին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ որոշումը միտուած է խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, վստահութեան ամրապնդման եւ երկու երկիրներու պետական սահմանի սահմանագծման աջակցելուն։
ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր յանձնակատար Ժոզէբ Պորել նշած է, որ Հայաստանի տարածքին Ազրպէյճանի հետ սահմանին ԵՄ դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը միտուած է վստահութեան ամրապնդման անկայուն իրավիճակի ժամանակ, որ վտանգի տակ կը դնէ մարդկային կեանքեր եւ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։ Անոր խօսքով՝ ասիկա մէկ անգամ եւս ապացոյց է, որ ԵՄ-ն յանձնառու է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու վերջնական նպատակին։
Կը հաղորդուի, որ Հայաստանի մէջ Ազրպէյճանի հետ սահմանի վրայ առաքելութեան տեղակայման գործընթացը արագացնելու համար որոշում կայացուած է ժամանակաւորապէս Հայաստան ուղարկելու Վրաստանի մէջ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան փորձագէտները։ Առաքելութիւնը պիտի տեղակայուի ժամանակաւոր․ անոր գործունէութեան ժամկէտը 2 ամիսէն աւելի պիտի չըլլայ։