Պէտք Չէ Արտօնել, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդը Անցի Ազրպէյճանի Կառավարման Տակ. Զուիցերիացի Պատգամաւոր

Աշխարհ, Հայաստան

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայ բնակչութիւնը պէտք է ինքնորոշման իրաւունք ունենայ: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ Ազգային ժողովի մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսին ժամանակ՝ այս մասին յայտարարած է  Զուիցերիա-Հայաստան բարեկամական խումբի համանախագահ, Զուիցերիայի խորհրդարանի պատգամաւոր Սթեֆան Միւլեր-Ալդերմատ:

Ան ընդգծած է, որ ինքնորոշման իրաւունքը շատ կարեւոր կէտ է մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն:

«Յստակօրէն կը տեսնենք, որ մարդոց գոյութեան խնդիրը կայ, եւ ատիկա սպառնալիքի տակ է: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական լուծումը պարզապէս դուրս մնացած է միջազգային համայնքի ուշադրութենէն: Քաղաքական լուծում պէտք է գտնել, այլ ոչ թէ դիմել զէնքի օգնութեան, որ կը բերէ նոր ցեղասպանութիւն, բայց Ազրպէյճանի կողմէ ատիկա յստակ կը մերժուի, եւ մենք կը պայքարինք ատոր դէմ: Տարիներ շարունակ ցեղական անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ է հայերուն դէմ: Եւ պէտք չէ արտօնուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը անցնի Ազրպէյճանի կառավարման տակ: Ատիկա հնարաւոր չէ: Եւ ասիկա պէտք է յստակ ըլլայ բոլոր կողմերուն համար»,- շեշտած է Սթեֆան Միւլեր-Ալդերմատ: