
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Լիբանանի Ախոյեան Խաչիկ Արժինեանը
Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մարմնակազմաւորման ախոյեան Խաչիկ Արժինեանը։
Արժինեան իբրեւ Լիբանանի ախոյեան զանազան երկիրներու մէջ մասնակցած է մարմնակազմաւորման մրցանքներու եւ յաջողութիւններ արձանագրած։ Ան 26 տարի առաջ եղած է Դպրեվանքի աշակերտ եւ շրջանաւարտ՝ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլէճէն։ Այժմ Խաչիկ Արժինեան կը ծառայէ լիբանանեան բանակին մէջ։