Պէտք է Ատամներով Պաշտպանենք Մեր Իրաւունքները, Եթէ Չըլլայ Արցախ, Պիտի Չըլլայ Նաեւ Հայաստան. Արցախի ԱԳ Նախարար

Հայաստան

Արցախի համար ընդունելի չէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական ցեղական համայնք ձեւակերպումը։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին կ՝ըսէ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան՝ անդրադառնալով «Силовики» Telegram ալիքի հրապարակած փաստաթուղթին,  որ ըստ այդ հրապարակման, Փրակայի մէջ դարձած է Փաշինեանի, Ալիեւի եւ Էրտողանի միջեւ առանցքային խօսակցութեան նիւթ, եւ այդ փաստաթուղթի կէտերէն մէկով՝ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը պիտի առաջադրէ ներկայացուցիչ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական ցեղական համայնքին կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչին հետ պիտի աշխատի Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան քննարկումեր իրականացնելուն համար։

«Մենք դարեր շարունակ պետականութիւն ունինք։ Աւելին՝ 1923 թուականէն սկսեալ մենք ունեցած ենք նաեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած պետականութիւն, որպէս Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ, որ եղաշրջման կերպով դարձած է Լեռնային Ղարաբաղի կամ ալ Արցախի Հանրապետութիւն։ Հասկնալի է, որ ազրպէյճանցիները ամէն ինչ կ՝ուզեն ընել, որ մեր պետականութիւնը չըլլայ, եւ մեզ ներկայացնեն որպէս տեղացի ժողովուրդ, որ որոշ իրաւունքներ ունի, բայց ատիկա այդպէս չէ»,- կ՝ըսէ Դաւիթ Բաբայեան։

Արցախի արտաքին գործոց նախարարը կը շեշտէ՝ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու բարելաւման Արցախը չի կրնար դէմ ըլլալ, բայց այդ յարաբերութիւններու բարելաւման իբրեւ արդիւնք Արցախը չի կրնար ճանչցուիլ Ազրպէյճանի մաս։

«Ազրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի որեւէ կարգավիճակ անընդունելի է։ Արցախը ինքզինք չի տեսներ Ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Ասիկա մեր կարմիր գիծն է, մենք պէտք է սկզբունքային ըլլանք, մանաւանդ այս ծանր իրավիճակին մէջ։ Սկզբունքայնութիւնը մեզի համար դիմադրողական համակարգի կարեւորագոյն բաղադրիչն է։ Ինչ կը վերաբերի Արցախ–Ազրպէյճան բանակցութիւններուն, ուստի պաշտօնական Ստեփանակերտը տարիներ շարունակ ըսած է, որ պատրաստ է Պաքուի հետ բանակցելու, բայց հարց է, թէ ինչ ձեւաչափով։ Իսկ այդ ձեւաչափը ընդունուած է միջազգայնօրէն, խօսքը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի մասին է, անոր ծիրէն ներս Արցախը ճանչցուած էր թէ՛ բանակցային կողմ, թէ՛ հակամարտութեան կողմ։ Հետեւաբար մենք երբեք դէմ չենք եղած Պաքուի հետ բանակցութիւններուն, բայց անիկա պէտք է իրականացուի միջազգայնօրէն ընդունուած ձեւաչափով»,- կ՝ընդգծէ Դաւիթ Բաբայեան։

Արցախցի պաշտօնեային խօսքով՝ միջազգային հանրութիւնը պէտք է համապատասխան արձագանգէ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն, թէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները Ազրպէյճանի քաղաքացիներ են։

«Ասիկա ի՞նչ է, դեպորտացիայի կո՞չ, թէ՝ նախանշում։ Կը կրկնեմ՝ մենք պատրաստ ենք Ազրպէյճանի հետ հաւասարը հաւասարի հետ բանակցելու, ի հարկէ, մենք կը հասկնանք, որ հիմա իրավիճակը բարդ է, Ազրպէյճանը կը փորձէ օգտուիլ առիթէ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք պէտք է թոյլ տանք ատիկա։ Պէտք է ատամներով պաշտպանենք մեր իրաւունքները, արժանապատւութիւնը, որովհետեւ եթէ չըլլայ Արցախ, պիտի չըլլայ նաեւ Հայաստան»,- կ՝ըսէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարը՝ աւելցնելով, որ Արցախի փրկութիւնը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնականութեան մէջ է։

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ հակառուսական տրամադրութիւններուն, Դաւիթ Բաբայեան նշեց՝ «Ռուսիոյ հարուածողը առաջին հերթին կը հարուածէ Արցախին ու Հայաստանին»։

«Եթէ չըլլայ ռուս խաղաղապահ առաքելութիւն՝ չըլլար Արցախ, հիմա ի՞նչ կ՝ուզենք, որ Արցախ չըլլա՞յ։ Այո, Ռուսիան մեզի համար եղբայրական երկիր է, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք դէմ ենք ԱՄՆ-ին, Ֆրանսային, Իրանին կամ ալ այլ երկրի։ Մենք Սփիւռք ունինք եւ պարտաւոր ենք լաւ յարաբերութիւններ ունենալ բոլոր այն երկիրներուն հետ, ուր կայ հայկական Սփիւռք։ Հիմա Ռուսիոյ հետ վատանանք ու 3 միլիոն հայութեան հետ մեր կապը կտրե՞նք, այս հարցը հակառուսական տրամադրութիւններ ունեցողներուն կու տամ, նոյնը նաեւ ԱՄՆ-ին եւ միւս երկիրներուն կը վերաբերի։ ԱՄՆ-ի հետ լաւ ըլլալու համար միակ նախապայմանը ռուսատեացութի՞ւնն է, կամ՝ հակառակը, այսպիսի մօտեցումներով հայոց պետականութիւնը պիտի կործանուի»,- կ՝աւելցնէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարը։