
Հայ Ազգը Այսօր Կը Գտնուի Ժամանակակից Պատմութեան Մէջ Ամենավտանգաւոր եւ Ճակատագրական Փուլին Մէջ. Արամ Ա․ Կաթողիկոս
Հակառակ քաղաքական տարակարծութեան՝ հայ ազգը կոչուած է իր ինքնութիւնը պահելու կենսունակ եւ իր միասնականութիւնը պահելու ամուր: Այս մասին ըսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսը՝ զրուցելով Ուրուկուէյի «Ռատիօ Արաքս»-ի տնօրէն լրագրող Տիեկօ Գարամանուկեանի հետ։
«Մենք փոքր ազգ ենք, պատմութեան ընթացքին կորսնցուցած ենք շատ բան՝ նոյնիսկ հայրենիք, պետականութիւն, սակայն մենք չենք կորսնցուցած մեր ինքնութիւնը, մեր պատկանելիութիւնը: Ե՛ւ մեր ինքնութեան, ե՛ւ մեր պատկանելիութեան տարրերը մեր հոգեւոր, բարոյական, ազգային, մշակութային արժէքներն են ու աւանդութիւնները: Մենք կոչուած ենք մեր հայրերու աւանդութիւններուն ամուր կառչած մնալու»,- ընդգծած է Արամ Ա․ կաթողիկոս:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա՛ կաթողիկոսի խօսքով՝ հայ ազգը այսօր կը գտնուի ժամանակակից պատմութեան մէջ ամենավտանգաւոր եւ ճակատագրական փուլին մէջ:
«Այս տագնապներուն դէմ հիմնականը եւ առաջնահերթը մեր ժողովուրդին միասնականութիւնն է: Եթէ նայինք մեր պատմութեան, մեր ժողովուրդի ամենաճակատագրական պահերուն՝ իրար թշնամի նախարարները կանգնած են կողք կողքի եւ պաշտպանած հայրենիքն ու ազգը, օրինակ՝ Վարդանանց պատերազմի ժամանակ»,- նշած է Արամ Ա․ կաթողիկոս:
Ան շեշտած է, որ ինք պատրաստ է իր ներկայութեամբ երաշխաւորելու հայ ժողովուրդին միասնականութիւնը:
«Այս գծով ես միշտ իմ պատրաստակամութիւնը յայտնած եմ՝ թէ անձնական խօսակցութեան ճանապարհով, թէ հրապարակային ճանապարհով: Այս վերջին շրջանին խորհրդակցութիւններ եղած են, երկու վեհափառ հայրապետներուն միջեւ մնայուն խորհրդակցութիւն կայ այս գծով եւ այդ խորհրդակցութիւնները պէտք է շարունակուին. պէտք է մեր քաղաքական պատասխանատուներուն հետ խօսինք, մեր տեսակէտները դառնան աւելի յստակ: Մանաւանդ հասարակական մօտեցումը ձեւաւորելու իմաստով կարեւոր են այս խորհրդակցութիւնները քաղաքական պատասխատուներու հետ, նաեւ ընդդիմադիրներու հետ: Կը կարծեմ, որ այս հարցով կարեւոր դեր ունին Արցախի եւ Սփիւռքի ղեկավարները»,- շեշտած է Արամ Ա․ կաթողիկոս: