ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ-ը Ցնցուած է Հայ Գերիներու Գնդակահարութեան Տեսանիւթէն

Աշխարհ, Հայաստան

ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ-ը ցնցուած է հայ գերիներու գնդակահարութեան տեսանիւթէն.

«Տեսանիւթը ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ հայ ռազմագերիներու մահապատիժի ենթարկուելու փաստը: Կոչ կ՝ընենք անյապաղ հետաքննելու ազրպէյճանա-հայկական սահմանին խաղաղ բնակիչներուն դէմ ուղղուած այս եւ նախապէս եղած յանցագործութիւնները:

Հակամարտութեան բոլոր կողմերը պէտք է յարգեն միջազգային իրաւունքը»,-գրուած է ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ-ի twitter-ի էջին վրայ։