Դոկտ. Ժան Կէօքճեանի Նոր Գիրքը՝ «Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Զինուորական Միջամտութիւնը»

Աշխարհ, Սփիւռք

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

Գանատայի «Մըքկիլ» համալսարանի «Քուինզ Եունիվըրսիթի» հրատարակչատունը հրատարակեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Ժան Կէօքճեանի «Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութիւնը» գիրքը:

Նիք Ռապինսըն «Սիկըր Թայմզ»-ի մէջ գիրքին հակիրճ գրախօսականը կատարելով` կը նշէ, որ Կէօքճեան իր գիրքին մէջ կը յայտնէ, թէ Սուրիոյ մէջ միջամտելու Ռուսիոյ նպատակը իր «գերտէրութիւն» մը ըլլալու կարգավիճակը հաստատելն է:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Կասպից ծովու մէջ գտնուող նաւերէ դէպի Սուրիա թեւաւոր հրթիռներ արձակելուն պատճառներէն մէկը ռուսական զինուորական ուժի հեռահասութիւնը ցուցադրելն էր», կը գրէ Կէօքճեան:

Մինչ Միացեալ Նահանգներ վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը կրճատեցին, «ստեղծուած բացը լեցուցին Ռուսիան եւ Իրանը` տարածաշրջանին մէջ նոր տէրերը»,- կ՛եզրակացնէ Կէօքճեան: