
Ազրպէյճանի Նախագահը Հնչեցուցած է Արցախահայերու Տեղահանման եւ Ցեղասպանութեան Ծրագիրը. Դաւիթ Բաբայեան
Ազրպէյճանի նախագահը հնչեցուցած է արցախահայութեան տեղահանման եւ ցեղասպանութեան ծրագիրը»։ Այս մասին, ըստ NEWS.am-ի, յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան՝ մեկնաբանելով Ալիեւի կատարած վերջին յայտարարութիւնները այն մասին, որ Ղարաբաղի այն բնակիչները, որոնք չեն փափաքիր Ազրպէյճանի քաղաքացիներ դառնալ, կրնան «բնակութեան այլ վայր ընտրել իրենց համար»։
«Հարցը այն է, թէ ինչ նպատակ կը դնէ ան իր առջեւ։ Ազրպէյճանի նախագահը յստակ եւ բացայայտ յայտարարեց, որ գլխաւոր նպատակը Արցախը կուլ տալն է, եւ անոնք, որոնք համաձայն չեն, կրնան հեռանալ։ Մենք գիտենք, որ անոնք քանի մը հազար մարդոց ցուցակ ունին, որոնց մտադիր են գնդակահարելու, ասիկա մենք հաստատ գիտենք։ Բնականաբար, բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 99,9 տոկոսը, կը հեռանայ Արցախէն, եթէ, ի հարկէ, յանկարծ անիկա յայտնուի Ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Ոչ ոք այստեղ կը մնայ։ Այսինքն՝ Ալիեւը հնչեցուցած է հայերու տեղահանման եւ ցեղասպանութեան ծրագիրը։ Այլ բան է, թէ ինչպէս ան պիտի հասնելու ատոր եւ որուն հետ պիտի խօսի այս թեմաներով։ Ես կը կարծեմ, որ արցախեան պետականութեան կազմաքանդման թեմայով անոր հետ հազիւ թէ Արցախէն ոեւէ մէկը խօսի։ Եւ մենք պէտք է հնարաւորինս անկեղծ ըլլանք մենք մեր եւ աշխարհին հետ։ Ահա թէ ինչ կը սպասուի մեզի։ Մենք շատ կ՝ափսոսանք, որ համաշխարհային հանրութիւնը այդպէս ալ համր մնաց Ալիեւի այդ մարդատեաց արտայայտութիւններուն հանդէպ»,- նշած է նախարարը։