Սպանիոյ Քոնկրեսը Հայ Ժողովուրդին Զօրակցութեան Յայտարարութիւն Ընդունած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Սպանիոյ Քոնկրեսը, Հոկտեմբեր 6-ի լիագումար նիստին, ընդունած է հայ ժողովուրդին զօրակցութեան յայտարարութիւն։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:

«Հաշուի առնելով Սեպտեմբեր 12 լոյս 13-ին Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ Գորիս, Սոթք եւ Ջերմուկ (Հայաստան) բնակավայրերու հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ հրետանիի եւ անօդաչու թռչող սարքերու կիրառումով իրականացուած յարձակումը, որ յանգեցուցած է առնուազն 207 հայ զինծառայողներու մահուան`
«Պատգամաւորներու Քոնկրեսը.

1․Կը վերահաստատէ իր անհանդուրժողականութիւնը ռազմական գործողութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը ներկայացնեն միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտում` համարելով զանոնք չարդարացուած յարձակումներ, որոնք կը խաթարեն տարածաշրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:

2. Կը խթանէ կողմերուն ստորագրած հրադադարի պահպանման յանձնառութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու ծիրէն ներս։

3. Կը յայտնէ մեր համերաշխութիւնն ու զօրակցութիւնը Հայաստանին եւ իր ժողովուրդին: Կը ցաւինք երկու կողմերու մարդկային կորուստներուն համար, կը յայտնենք մեր խորին վշտակցութիւնը զոհերու եւ բնակչութեան անհարկի տառապանքներուն համար։ Այս զգացումները կ՝ուղղենք նաեւ Սպանիոյ հայ համայնքին։

4. Կ՝աջակցի ԵՄ Բարձր ներկայացուցչի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ յատուկ ներկայացուցչի ջանքերուն, որոնք կարեւոր դեր ունին հրադադարի համաձայնութեան պահպանման մշտադիտարկման գործընթացին մէջ եւ կը նպաստեն հակամարտութեան բանակցային, ընդհանուր եւ տեւական լուծման փնտռման:

5. Կոչ կ՝ընէ կողմերուն յարգելու միջազգային իրաւունքը, վայր դնելու զէնքերը եւ վերսկսելու դիւանագիտական բանակցութիւնները՝ այդպիսով վերահաստատելով, որ այս դիրքորոշումը այս բարդ եւ պատմական վէճին միակ կենսունակ եւ տեւական լուծումն է:

6. Կոչ կ՝ընէ ԵՄ-ին կրկնապատկելու ջանքերը՝ նպաստելու դիւանագիտական միջոցներով խաղաղութեան պահպանման»»: