
Ղարաբաղի Հայերը Մեր Քաղաքացիներն Են, եւ Մենք Կ՝որոշենք՝ Երբ եւ Ինչպէս Խօսիլ Անոնց Հետ. Ալիեւ
«Ղարաբաղի հայերը մեր քաղաքացիներն են, եւ մենք կ՝որոշենք՝ երբ եւ ինչպէս խօսիլ անոնց հետ»,- այս մասին,ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, կրկին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Հայաստանի, Ֆրանսայի, Եւրոպական խորհուդի ղեկավարի հետ Փրակայի մէջ նախատեսուած քառակողմ հանդիպումէն առաջ։
Հարցին, թէ Փաշինեանը կոչ կ՝ընէ Պաքուին՝ ուղիղ խօսելու Ղարաբաղի հետ, ո՞րն է Ձեր պատասխանը, Ալիեւը ըսած է. «Ղարաբաղի հայերը մեր քաղաքացիներն են։ Անոնց հետ շփումը մեր ներքին գործն է, որ մենք երրորդ երկրի հետ չենք պատրաստուիր քննարկելու»։