
Կռփամարտի Եւրոպայի Աւագ Տարիքի Պատանեկան Ախոյեանութեան՝ Հայաստան Գրաւեց Առաջին Դիրքը Խմբային Դասաւորման Մէջ
Իտալիոյ մէջ իր աւարտին հասած Եւրոպայի կռփամարտի աւագ տարիքի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի տղոց հաւաքականը ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը:
Հայրենի կազմը իր ելոյթները աւարտեց 5 մետալով (երկու ոսկի, մէկ արծաթ եւ երկու պրոնզ):
Ոսկիէ մետալակիր դարձան Վաղարշակ Քեյեան (46 քկ) եւ Էրիկ Առստամեան (52 քկ):
70 քկ դասակարգին մէջ, Երանոս Օհանեան քիթի վնասուածքի պատճառով չկրցաւ աւարտականի մրցումին մասնակցիլ, եւ անոր վիճակուեցաւ արծաթ մետալը:
Վերջապէս, պրոնզէ մետալակիր դարձան Դաւիթ Սաֆարեան (50 քկ) եւ Ռաֆայէլ Ներսիսեան (60 քկ)