Թշնամին Կրակած է Հայ-ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Աշխատանքներ Իրականացնող Շինարարական Սարքին Ուղղութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 6-ին՝ ժամը 14:20-ի սահմաններուն, Ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները  կրակած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն վրայ ամրաշինական աշխատանքներ իրականացնող շինարարական սարքին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով անիկա վնասուած է: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։