
Արցախցի Մարզիկը Եւրոպայի Առաջնութեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճած է
Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Իտալիոյ Լինիանօ Սապիատորօ քաղաքին մէջ Սեպտեմբեր 27-Հոկտեմբեր 1 իրականացուած երիտասարդներու եւ մեծահասակներու խառն մենամարտերու (2022 IMMAF European Championships) Եւրոպայի առաջնութեան՝ արցախցի մարզիկ Վասակ Բարսեղեանը 70 քկ քաշային կարգի մէջ նուաճած է պրոնզէ մետալ։
Հոկտեմբեր 5-ին, Ստեփանակերտի Ս.Շահումեանի անուան օղակաձեւ պուրակին մէջ մարզիկին եւ մարզիչին դափնեպսակներով դիմաւորած են մարմնակրթութեան գերատեսչութեան անդամները, ընկերներն ու հարազատները:
Առաջնութեան կը մասնակցէր 30 երկիր: ՀՀ հաւաքականի կազմէն Արցախէն ընդգրկուած էին Լեւոն Ծատրեանն ու Վասակ Բարսեղեանը: Լեւոնը չյաջողեցաւ մրցանակային տեղ զբաղցնել: Իսկ Վասակ Բարսեղեանը՝ յաղթելով Չեխիայի եւ Գերմանիոյ ներկայացուցիչները, արժանացած է առաջնութեան պրոնզէ մետալին:
Վասակը Եւրոպայի առաջնութեան կը մասնակցի առաջին անգամ: «Նպատակ ունէի յաղթանակով վերադառնալու, սակայն իմ սպասելիքները չարդարացան: Վնասուածքի պատճառով չկրցայ ցանկալի արդիւնքի հասնիլ: Միւս անգամ կը փորձեմ աւելի լաւ ցուցանիշներ գրանցել, խօսքը աշխարհի առաջնութեան ոսկէ մետալի մասին է»,- կ՝ըսէ Վասակը: