Փարիզի Փաստաբաններու Միութեան Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Կողմէ Հայաստանի Դէմ Իրականացուող Յարձակումը

Աշխարհ, Հայաստան

Փարիզի փաստաբաններու միութեան խորհուրդը կը դատապարտէ ազրպէյճանական բանակին կողմէ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին նկատմամբ իրականացուող յարձակումը։ Այս մասին կը կարդանք ՀՀ փաստաբաններու պալատին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ խորհուրդը կը յիշեցնէ իր հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ միջազգային հանրութեան հովանիին ներքոյ կոչ կ՝ընէ անյապաղ դադրեցնելու բռնութիւնը:

Փարիզի փաստաբաններու միութիւնը կը վերահաստատէ իր համերաշխութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան փաստաբաններու պալատի գործընկերներուն հետ՝ ընդգծելով, որ իրարու միջեւ կը պահպանուին պատմական յարաբերութիւններ, որոնք մշտապէս կը վերահաստատուին համագործակցութեան պայմանագրերով: