Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած է Խաչերթ՝ Ի Յիշատակ Արցախեան Երրորդ Պատերազմին Նահատակուած Հերոսներուն (լուսանկարներ)

Հայաստան

Սեպտեմբեր 27-ին, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի 2-րդ տարելիցին առիթով, Ստեփանակերտի մէջ հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Խաչերթ՝ ի յիշատակ Արցախեան երրորդ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Խաչերթը սկիզբ առած է Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն, ուր իր խօսքը ըսած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի փոխ առաջնորդ Տէր Սահակ վարդապետ Շաքարեանը:

Ժամը 11։00-ին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են զոհուածներուն յիշատակը եւ այնուհետեւ «Տղերքը ո՛ղջ են», «Միութի՛ւն, պայքա՛ր, յաղթանա՛կ» եւ այլ կոչերով շարունակած երթը դէպի Ստեփանակերտի Եղբայրական յուշահամալիր։

Երթին մասնակցած են նաեւ ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, ԱՀ նախկին նախագահ Բակօ Սահակեանը, ԱՀ Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը ԱՀ Աժ պատգամաւորները, ԱՀ կառավարութեան անդամներն ու հոգեւոր այրերը։

Երթին ընթացքին մասնակիցները պարզած են 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն լուսանկարները։

Երթի աւարտին, Ստեփանակերտի Եղբայրական յուշահամալիրին մէջ, Արցախի թեմի փոխ առաջնորդ Տէր Սահակ վարդապետ Շաքարեանի ձեռամբ, տեղի ունեցած է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նուիրուած «Լուսօ խորան»-ի օրհնութեան կարգն ու 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն հոգեհանգստեան կարգը։