Այսօր, Աւելի Քան Երբեւէ, Հայ Ժողովուրդի Գոյութեան Հրամայականը, ՀՀ Անվտանգային Շահերը, Մեր Պետականութեան Ապագան Կը Պահանջեն Ազգային Միասնականութիւն եւ Համախնբում․ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ

Հայաստան

Յայտարարութիւն

2020 թ․ Սեպտեմբեր 27-ին, Թուրքիոյ բացայայտ ռազմական աջակցութեամբ, վարձկաններու եւ ահաբեկիչներու ներգրաւմամբ, արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծին ողջ երկայնքով, Ազրպէյճանը անցաւ յարձակման։

44 օր երկարած Ազրպէյճանի ռազմական յարձակման հետեւանքով տեղահանուեցաւ եւ ունեզրկուեցաւ շուրջ 70 հազար հայ, աւերուեցան մօտ 17 հազար քաղաքացիական շինութիւններ եւ ենթակառուցուածքներ, սպաննուեցան հարիւրաւոր քաղաքացիական անձեր։ Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքներուն մէջ մնացին հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան 1456 նմուշներ, որոնց նկատմամբ Ազրպէյճանը որդեգրած է ոչնչացման կամ իւրացման քաղաքականութիւն։ Տարածքային կորուստներու կողքին անդառնալի են հինգ հազարի հասնող մարդկային կորուստները։ Մինչ օրս անյայտ է քանի մը տասնեակ հայ գերիներուն ճակատագիրը։

Ռազմական յանցագործութիւններով, արգիլուած զէնքի կիրառմամբ ուղեկցուող թուրքազրպէյճանական յարձակման 44 օրերուն, ցաւալիօրէն, անտարբեր մնաց միջազգային հանրութիւնը։

2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ կապիտուլացիոն յայտարարութեամբ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցաւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքի շուրջ 72%-ը, ներառեաք՝ Շուշի քաղաքն ու Հադրութի շրջանը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ արցախահայութեան ֆիզիքական անվտանգութեան միակ երաշխաւորը ռուսական խաղաղապահ ուժերն են։

44-օրեայ պատերազմը հնարաւոր դարձաւ իշխող վարչախումբի անկարողութեան, ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները դիմակայելու սնանկութեան, օտար օրակարգեր սպասարկելու հայրենադաւ յանձնառութեան իբրեւ արդիւնք։

Պատերազմէն երկու տարի անց՝ հայկական երկու պետականութիւնները կանգնած են ճակատագրական մարտահրաւէրներու, պատերազմի իրական սպառնալիքի առջեւ։ Աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու, խախտուած ուժային հաւասարակշռութեան եւ խոցուած ինքնիշխանութեան պայմաններուն մէջ գործող քաղաքական վարչաձեւը անկարող է դիմակայելու Հայոց պետականութեան ու հայ ժողովուրդին ուղղուած գոյութենական սպառնալիքները, նոր կապիտուլեացիայի հեռանկարը։

Այսօր, աւելի քան երբեւէ, հայ ժողովուրդի գոյութեան հրամայականը, ՀՀ անվտանգային շահերը, մեր պետականութեան ապագան կը պահանջեն ազգային միասնականութիւն եւ համախնբում։

Կը խոնարհինք մեր հազարաւոր զոհերու յիշատակի առջեւ եւ կը վերահաստատենք ազգային պետականութիւն կառուցելու, ազգային շահերուն ծառայելու ՀՅԴ յանձնառութիւնը։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին