44-օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Յուշակոթող՝ Ստեփանակերտի Յուշահամալիրին Մէջ

Հայաստան

Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ կանգնեցուած է «Լուսօ խորան» խորագիրով յուշակոթող՝ նուիրուած Արցախեան երրորդ պատերազմին նահատակուած հերոսներու յիշատակին: Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ այս մասին տեղեկացուցած է Ստեփանակերտի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Սամուէլ Ղուլեանը:

«44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու Եղբայրական գերեզմանոց-պանթէոնի կառուցման եւ տարածքի բարեկարգման աշխատանքները սկսած են 2021 թուականի Ապրիլին: Այս ընթացքին կառուցուած են հենապատեր, իրականացուած՝ սալիկապատում եւ այլ աշխատանքներ: Արդէն տեղադրուած են մեր նահատակներուն շիրմաքարերը: Նախագիծին համաձայն՝ տարածքը բարեկարգուած ու կանաչապատուած է՝ ապահովելով լուսաւորման համակարգով: Շինաշխատանքները արդէն աւարտած են»,- ըսած է Ս. Ղուլեանը, եւ աւելցուցած, որ շինարարական աշխատանքները կատարած են «Էլնարտի», «Կապաւոր» եւ «Պանտ» ՍՊ ընկերութիւնները, իսկ յուշակոթողին կառուցումը՝ «Գաբրո» ՍՊԸ-ն: