
Ստեփանակերտի Մէջ Վաղը Լռութեան Վայրկեան Կը Յայտարարուի
Սեպտեմբեր 27-ին, ժամը 11:00-ին, Ստեփանակերտի Սբ. Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն սկիզբ կ՝առնէ խաչերթ՝ Հայոց բանակի պահապան Աշոտ Երկաթ Սուրբ Խաչի առաջնորդութեամբ դէպի յուշահամալիր` ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն:
«Ապառաժ»-ի տեղեկութիւններով՝ Սեպտեմբեր 27-ին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովէն կը յայտնեն, որ Սեպտեմբեր 27-ին, ժամը 11:00-ին, Արցախի Հանրապետութեան մէջ կը յայտարարուի լռութեան վայրկեան՝ ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն:
«ԿԸ խնդրենք վարորդներէն, քաղաքացիներէն յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցել»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: