Թող Ողջ Արժանթինը Գիտնայ, Որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան Ցեղասպան Պետութիւններ են․ Արժանթինի Հայ Համայնքին Երթը Դէպի Ազրպէյճանի Դեսպանատուն
Արժանթինի հայ համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւնները՝ Արժանթինի Հանրապետութեան հայկական հաստատութիւններուն (IARA) աջակցութեամբ՝ Սեպտեմբեր 25-ին երթ իրականացուցած են դէպի Ազրպէյճանի դեսպանատուն՝ իրենց բողոքը արտայայտելով Սեպտեմբեր 13-ին Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակման վերաբերեալ։ Այս մասին գրած է Diaro Armenia-ն:
Յիշեցնելով, որ Սեպտեմբեր 27-ին կը լրանայ Արցախի դէմ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին 2 տարին՝ երիտասարդները ընդգծած են. «13 օր առաջ Ազրպէյճանը սկսաւ նոր յարձակում, այս անգամ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին դէմ»:
Անոնք շեշտած են, որ ազրպէյճանական զինուժը կազմակերպուած յարձակումներ գործած է Հայաստանի տարբեր բնակավայրերու, սահմանամերձ շրջաններու վրայ։ Այդ յարձակումը ուղղուած էր Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ, որուն հետեւանքով կան զոհեր: Թշնամին թիրախաւորած է նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ:
Երիտասարդները ընդգծած են, որ յարձակման պատճառները նոյնն են, ինչ 1915-ին, երբ սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իրականացնել փանթուրքական ծրագիրը:
«Ասիկա նոր ցեղասպանական փորձ է, եւ ապացոյցները յստակ են: Մենք պէտք է խստօրէն դատապարտենք ազրպէյճանական եւ թրքական ռազմական գործողութիւնները, որոնք կը սպառնան տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան: Թող ողջ Արժանթինը գիտնայ, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան ցեղասպան պետութիւններ են»,- ընդգծած են անոնք՝ տեղի իշխանութիւններուն ուղղուած խնդրանքին մէջ:
Երիտասարդները նաեւ ուղերձ յղած են Արժանթինի մէջ Ազրպէյճանի նորանշանակ դեսպանին՝ շեշտելով, որ Արժանթինի մէջ հնարաւոր չէ պարտադրել ժխտողականութեան քաղաքականութիւն, եւ որ իրենք պիտի չի լռեն:
