Զօրքերը Պէտք է Ետ Քաշուին Այն Դիրքերը, Ուր Կը Գտնուէին Մինչեւ Ռազմական Գործողութիւններ Սկսիլը. ՀՀ-ի Մէջ Մեծ Բրիտանիոյ Դեսպանատուն
«Միացեալ Թագավորութեան կառավարութիւնը, նաեւ՝ Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի մեր միջնորդութեան ժամանակ, յստակ հասկցուցած է, որ զինուած ուժերը պէտք է ետ քաշուին այն դիրքերը, ուր կը գտնուէին մինչեւ ռազմական գործողութիւնները սկսիլը: Հակամարտութիւնը լուծելու միակ ճանապարհը դիւանագիտութիւնն է»,- նշուած է Ազրպէյճանի վերջին յարձակման վերաբերեալ «Լուրեր»-ու հարցման ի պատասխան ՀՀ-ի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ:
«Մենք միշտ դատապարտած ենք քաղաքացիական տարածքներու թիրախաւորումը բոլոր հակամարտութիւններուն ժամանակ։ Մեր մտքերը վերջին բռնութիւններուն հետեւանքով զոհուածներու կամ վիրաւորներու ընտանիքներուն հետ են։
Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կ՝ողջունէ ռազմագերիներուն եւ զոհուածներու աճիւններուն վերադարձը։ Մենք կոչ կ՝ընենք կողմերուն քննարկելու մնացած բոլոր ռազմագերիներն ու զոհուածներու աճիւններուն վերադարձի հարցը։ Խոշտանգումներուն մասին հաղորդումները չափազանց մտահոգիչ են, եւ կը պահանջուի համապատասխան մարմիններու մանրակրկիտ հետաքննութիւն»,- նշուած է Երեւանի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ:
