Թուրքիոյ Փոխնախագահը Անդրադարձած է Փելոսիի Հայաստան Այցելութեան

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ Twitter-ի իր էջին գրառումներ կատարած է՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի Հայաստան կատարած այցելութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Ըստ Օքթայի՝ լիովին անընդունելի են Փելոսիի երեւանեան յայտարարութիւնները, որոնք իբրեւ թէ պատմական եւ ներկայ իրողութիւններուն հետ չեն համադրուիր ու չեն արտայայտեր անկողմնակալ տեսակէտներ: Թուրքիոյ փոխնախագահը Փելոսիին նոյնիսկ մեղադրած է «դիւանագիտական ջանքերը խափանումի ենթարկելու» մէջ:

«Մենք վճռականօրէն պիտի շարունակենք կանգնիլ Ազրպէյճանի կողքին, որ 30 տարի անարդար եւ ապօրինի բռնագրաւման տակ գտնուող իր հայրենի հողերը ազատելու համար անձնուիրաբար կը պայքարի»,- գրած է Ֆուաթ Օքթայ: