Զինուորի Տունը Վիրաբուժական Նոր Բաժանմունք Ունի

Հայաստան, Սփիւռք

Զինուորի տան վիրաբուժական նոր բաժանմունքն է: Նորաբաց այս տարածքը համալրուած է երեք վիրահատարանով, գերժամանակակից սարքերով, եօթը հիւանդասենեակով: Բաժանմունքը կ՝ամբողջացնէ կեդրոնի բուժման ամբողջ շրջանը՝ վիրահատական միջամտութենէն մինչեւ վերականգնողական բուժում: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր Մետիա»-ն։


Բացման արարողութեան ներկայ եղած են բարերարները, անհատներ ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք մշտապէս եղած են Զինուորի տան կողքին: Վիրաբուժական բաժանմունքի հիմնանորոգման հարցով զգալի դերակատարութիւն ունի Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ արեւմտեան շրջանային վարչությունը:

Վիրաբուժական բաժանմունքը, ըստ մասնագէտներու, կը համապատասխանէ միջազգային բոլոր չափանիշներուն: Վիրահատարաններէն մէկուն մէջ առկայ է օդափոխութեան լամինար հոսք, որ 99 տոկոսով կը կանխէ վարակուելու վտանգը:
Բաժանմունքը ամբողջութեամբ յարմարեցուած է հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն: Տղաքը կը յիշեն իրենց անցած ճանապարհն ու կ՝արժեւորեն Զինուորի տան դերը:

Զինուորի տունը կը գործէ 2018-էն ի վեր: Մինչեւ այսօր այնտեղ բուժուած է մարտական գործողութիւններու ժամանակ վիրաւորուած մօտ 7 հազար շահառու: Այսօր կեդրոնը ունի նաեւ վիրահատական միջամտութիւններ կատարելու հնարաւորութիւն: