
Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Հակազդէ Ազրպէյճանի Դեսպանի Անարգական Խօսքերուն
Անցեալ Կիրակի, 18 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակին վրայ կազմակերպուած ժողովրդային բողոքի ցոյցէն ետք, ընկերային ցանցերուն վրայ իր ներկայութիւնը փորձեց զգալի դարձնել Յունաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Անար Հուսէյնով՝ անպատկառ եւ անընդունելի գրառում մը հրապարակելով։
Ազերի դեսպանը, առանց կարողանալու իր զայրոյթը պահել յունահայութեան բարձրացուցած բողոքի հաւաքին համար, որուն ներկայ եղան եւ խօսք առին նաեւ Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, «գուրջ» անուանեց բոլոր մասնակիցները եւ ազգային խորհրդանիշները, «հարցականի տակ» առնելով նաեւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնները Ազրպէճանի կողմէ սանձազերծուած վերջին յարձակումներուն ընթացքին։
Ազերի դեսպանը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ ըրած է հետեւեալ գրառումը.- «Դարձեալ անջատողական գուրջեր կը զարդարեն Աթէնքի կեդրոնական հրապարակը։ Այս մէկը ամբողջովին կը հակասէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքին, որ վերջերս արտայայտուեցաւ մեր տարածաշրջանէն ներս միջազգային օրէնքի գործադրութեան առնչութեամբ»։
Անմիջական եղաւ Հայ Դատի յանձնախումբին հակազդեցութիւնը, որ բաց նամակ մը ուղարկեց արտաքին գործոց նախարարութեան եւ կ՚ակնկալէ անոր հակազդեցութիւնը։
Նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է․
«Կիրակի 18 Սեպտեմբերին, Աթէնքի հայ համայնքի հարիւրաւոր անդամներ իրագործեցին հաւաք մը Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, դատապարտելու համար Ազրպէյճանի զինեալ յարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն վրայ։ Հաւաքին ներկայ եղան Յունաստանի խորհրդարանի երեսփոխաններ եւ յունական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին։
Այս իրողութեան՝ անարգական որակումներով անդրադարձաւ Յունաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը, որ ընկերային ցանցերու վրայ իր գրառումով, «գուրջ» անուանեց ազգային խորհրդանիշները, յոյն քաղաքացիները եւ Յունաստանի խորհրդարանի ներկայացուցիչները։
Ազրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչին աներեսութիւնն ու գրգռիչ կեցուածքը կը ցոլացնէ իր երկրի բռնութեան եւ սպառնալիքներու քաղաքականութիւնը։ Առաւել, այս կեցուածքը կը հատէ օտար դիւանագիտական ներկայութեան սահմանները մեր երկրէն ներս, բացայայտօրէն յարձակելով յոյն քաղաքացիներու վրայ։ Սպառնական եւ գրգռիչ վարքագիծը, որ Ազրպէյճան ցոյց կու տայ Յունաստանի դէմ՝ իր «խորհրդատու» Թուրքիոյ կեցուածքին զուգահեր, անընդունելի, արտառոց եւ դատապարտելի է։
Մենք խնդիրը կը յանձնենք նախարարութեան ուշադրութեան եւ կը սպասենք անոր անմիջական հակազդեցութեան։
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
* * *
Ըստ «Ազատ Օր»-ի՝ մամուլի եւ ընկերային ցանցերուն մէջ բազմաթիւ էին յունական շրջանակներու հակազդեցութեան արտայայտութիւնները, որոնք դատապարտեցին Յունաստանի դէմ Ազրպէյճանի դեսպանի անընդունելի խօսքերը, յիշեցուցին նախագահ Ալիեւի անարգական կեցուածքը Յունաստանի դեսպանին հանդէպ եւ պահանջեցին Անար Հուսէյնովի արտաքսումը Յունաստանէն։