«Եռաբլուր» Պանթէոնէն Բերման Ենթարկուած Ծնողներէն Հինգ Մայր Ստացած է Տարբեր Աստիճանի Մարմնական Վնասուածքներ․ Փաստաբան

Հայաստան

Յարգելի լրատուամիջոցներ։

2022թ Սեպտեմբեր 21-ին «Եռաբլուր» պանթէոնէն բերման ենթարկուած ծնողներէն հինգ մայր ստացած է տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ։

ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 441-րդ յօդուածով վարոյթ նախաձեռնելու նպատակով յանցագործութեան մասին հաղորդում պիտի ներկայացուի ՀՀ գլխաւոր դատախազին։

Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք 35 հասարակական կազմակերպութիւններուն (ՀԿ), քաղ․ հասարակութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն, անհատ անձերու՝ պանթէոնին մէջ տեղի ունեցած ոստիկանական ապօրինութիւններուն վերաբերեալ համաչափ արձագանգին համար։

Վահան Յովհաննիսեան

փաստաբան