ԹՇՆԱՄԻն Ականանետեր ու Խոշոր Տրամաչափի Զինատեսակներ Կիրառած է, Հայկական Կողմը Ունի Մէկ Վիրաւոր. ՊՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Սեպտեմբեր 21-ին, ժամը 20:00-ի սահմաններուն, Ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները ականանետերու եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրառումով կրակած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Պատասխան գործողութիւններով հակառակորդի կրակը լռեցուած է: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ Տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Հայկական կողմէն կայ մէկ վիրաւոր: Ժամը 21:30-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ կայուն է, կրակոցներ չկան: