Հայ Սպաները Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Օրերուն. Լոյս Տեսած է Հանրագիտարանային Արժէք Ներկայացնող Աշխատութիւն

Աշխարհ, Հայաստան

Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն թէեւ հայ ժողովուրդը կրած է մարդկային, նիւթական, մշակութային ծանր կորուստներ, սակայն հայ զինուորն ու սպան կերտած են հերոսական էջեր։

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ օրեր առաջ «Թէքէյեան» մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Առաջին համաշխարհային պատերազմի հայ սպաներ. Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի սպաներ 1914-1920 թթ.» գիրքին շնորհանդէսը։ Հանրագիտարանային արժէք ներկայացնող հսկայական աշխատութիւնը (1390 էջ ծաւալով) տեղեկութիւններ կ՝ընդգրկէ 1914-1918 թթ. Առաջին համաշխարհային պատերազմին մասնակցած աւելի քան եօթը հազար հայերու, ինչպէս նաեւ 1918-1920 թթ. Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին մէջ ծառայած հայ սպաներու եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներու մասին։

Գիրքին հեղինակներն են պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ամատունի Վիրաբեան եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Սոնիա Միրզոյեան։ Հետազօտութիւնը իրականացուած է Հայաստանի ազգային արխիւի, ռուսական արխիւներու եւ պատմական տարբեր աղբիւրներու հիման վրայ։ Ամատունի Վիրաբեանի խօսքով, իրենց նպատակը եղած է ոչ միայն կենսագրական տեղեկութիւններ հաղորդել հայ սպաներու եւ անոնց անձնուրաց գործունէութեան մասին, այլեւ հերքել այն թիւր կարծիքը, թէ հայերը միայն արհեստաւորներ կամ վաճառականներ եղած են եւ Ռուսական կայսրութեան մէջ ապրած են միայն հարստանալու համար։ Մինչդեռ, ռուսական բանակին մէջ կը ծառայէին մեծ թիւով հայ սպաներ եւ զինուորներ։ «Այս գործը սկիզբ ունի, բայց վերջ չունի, քանի որ գործը կը շարունակուի այսօր։ Այս աշխատանքով մոռացութենէ փրկեցինք եօթը հազար սպայի անուն, ներկայացուցինք լուսանկարներ, որոնք երբեք չեն հրապարակուած։ Բացի այդ, փորձած ենք ցոյց տալ, թէ ինչպիսի հայ սպաներ ունեցած ենք, որոնց յաղթական գործը պէտք է շարունակուի այսօր»,- նշած է հեղինակը՝ աւելցնելով, որ գիրքը արխիւային մասնագէտներու քանի մը տասնամեակներու քրտնաջան աշխատանքի արդիւնք է։

Հայաստանի «Թէքէյեան» մշակութային միութեան նախագահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ռուբէն Միրզախանեան գիրքին հրատարակումը կարեւոր համարեց պատմական տեսանկիւնէ. անիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ հանրութեան լայն շրջանակներուն տեղեկանալու Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Ռուսական կայսրութեան զօրքերուն մէջ հայերու ունեցած եզակի դերին ու նշանակութեան մասին։ «Եօթը հազար սպայ, վաթսուն զօրավար, որոնց մեծ մասը արժանացած է կայսրութեան բարձրագոյն զինուորական կոչումներու եւ պատուի: Ռուսական պետութեան աւելի մեծաթիւ ազգերը չեն ունեցած այդքան արդիւնաւէտ, լուրջ եւ պատմականօրէն նշանակալի դեր։ Միւս կողմէն, երբեւէ որեւէ պետութեան բանակին մէջ այսքան մեծ թիւով հայ սպաներ չեն եղած»,- ըսաւ Ռուբէն Միրզախանեան։

«Մենք միշտ կը հպարտանանք մեր ձեռագիրներով։ Այսօր ունինք զինուորական ցուցակ, որուն իւրաքանչիւր զինուոր իր դերը ունեցած է մեր կեանքին մէջ, եւ այդ դերը չ՝աւարտիր անոր կեանքի աւա4րտով»,- նշեց Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը՝ շնորհանդէսի մասնակիցներուն փոխանցելով Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութիւնը։ Սրբազանին խօսքով, հատորին հրատարակութիւնը խորհրդանշական ու դաստիարակչական դեր ունի յատկապէս մեր օրերուն, երբ բոլորս կը գիտակցինք հզօր ու մարտունակ բանակի կարեւորութիւնը։

Նշենք, որ պատմական եւ կենսագրական աշխատութեան երկրորդ հրատարակութեան լոյս ընծայումը ֆինանսաւորած է բարերար Հրաչեայ Պօղոսեան։ Վերջինս բազմաթիւ բարեգործական նախաձեռնութիւններու շարքին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տարածքին մէջ գտնուող հայոց կաթողիկոսներու շիրիմներուն։