Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի Հրաւէրով Ուաշինկթըն Ժամանեց Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար Դաւիթ Բաբայեանը

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին հրաւէրով` պաշտօնական այցով Ա.Մ.Ն.-ի մայրաքաղաք ժամանեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան: Սեպտեմբեր 17-ին, ան ելոյթ ունեցաւ Վուտրօ Ուիլսընի տուն-թանգարանին մէջ` Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Արցախի անվտանգութեան եւ ազատութեան նուիրուած ճաշկերոյթին: Դաւիթ Բաբայեան անդրադարձաւ Արցախի ինքնիշխանութեան ու անվտանգութեան գծով սփիւռքի դիւանագիտական աջակցութեան: Ան մէջբերեց նաեւ փոքր ազգերու անհետացման սպառնալիքի վերաբերեալ նախագահ Ուիլսընի յայտնի մտահոգութիւնը:

Դաւիթ Բաբայեանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն, նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան ու իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեան: