
Ֆրանսայի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյց Կազմակերպած են՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Յարձակման եւ Իբրեւ Աջակցութիւն Հայաստանի ու Արցախի
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15-ին, հազարաւոր մարդիկ հաւաքուած են Փարիզի մէջ՝ Ֆրանսայի ԱԳՆ-ի մօտ՝ դատապարտելու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ազրպէյճանի կանխամտածուած յարձակումը։ Մասնակիցները հնչեցուցած են «Կանգնեցուցէ՛ք Ալիեւը, հեռացէ՛ք Հայաստանէն», «Պանթուրքիզմ՝ հաւասար է ֆաշիզմ» եւ այլ կարգախօսեր։
Շուրջ քսան քաղաքական գործիչ՝ իրենց ներկայութեամբ՝ աջակցած են հայերուն, անոնց մէջ՝ Գաբրիէլ Աթալը՝ Ֆրանսայի կառավարութեան նախկին խօսնակ, այժմ՝ հանրային հաշիւներու պատասխանատու պատուիրակ։

Հանրահաւաքի կազմակերպիչ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան իր ելոյթին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային՝ ստեղծուած իրավիճակին արձագանգելու եւ հարցը ՄԱԿ-ին փոխանցելու համար։
Հանրահաւաքին միացած է նաեւ Ֆրանսայի քրտական դեմոկրատական խորհուրդի խօսնակ Պերիվան Ֆիրաթը։
«Հայերուն պայքարը ճնշուած ժողովուրդներու պայքարն է, ատիկա իմ պայքարն է։ Այսօր ես հայ եմ։ Էրտողանը վտանգ է քիւրտերուն, հայերուն, սուրիացիներուն, բայց նաեւ Ֆրանսային, Արեւմուտքին, մեր երիտասարդութեան եւ գալիք սերունդներուն համար»,- ըսած է ան։


Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան նշած է. «Այսօր Պաքուն կը յարձակի Հայաստանի Հանրապետութեան՝ ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած ինքնիշխան տարածքին վրայ: Մենք մտահոգուած ենք Հայաստանի, անոր անվտանգութեան եւ անոր ժողովուրդին համար։ Մենք պէտք է ճանապարհ գտնենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն համար խաղաղութիւն ապահովելու համար»։