«Մենք Երթալու Տեղ Չունինք, Պիտի Մնանք, Մեր Հողը Պահենք». Ստեփանակերտի Մէջ Երկու Օր Շարունակ Հանրահաւաք է

Աշխարհ, Հայաստան

Երկրորդ օրն է, որ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հանրահաւաքը կը շարունակուի. հաւաքի մասնակիցները հանդէս եկած են Ազրպէյճանի յարձակումը դատապարտող պաստառներով եւ ելոյթներով. Իշխանութիւններէն կը պահանջեն բաց խօսիլ ժողովուրդին հետ եւ քայլեր ձեռնարկել: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

«Մենք խաղաղութիւն կ՝ուզենք, մեր հողը կ՝ուզենք: Մեր պահանջը մէկն է, որ Արցախը մնայ հայկական»,- կը նշէ հաւաքի մասնակիցներէն մէկը:

Կին մը ըսաւ,- «Մենք երթալու տեղ չունինք, պիտի մնանք, մեր հողը պահենք»:

Այստեղ են նաեւ Արցախի ԱԺ պատգամաւորները, նաեւ ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեանը, որ վստահեցուց, որ առանց Արցախի ժողովուրդի կամքը հաշուի առնելու ոեւէ մէկը իրաւունք չունի փաստաթուղթ ստորագրելու:

Յիշեցնենք, որ երկու օր առաջ Հայաստանի ԱԺ-էն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութենէն ետք, թէ փաստաթուղթ պիտի ստորագրէ, որ կ՝երաշխաւորէ խաղաղութիւնը, Ստեփանակերտի մէջ ինքնաբուխ հանրահաւաք իրականացած էր։

Փաշինեանի յայտարարութենէն ետք՝ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը նոյնպէս հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ՝ ըսելով, որ Արցախը չի կրնար եւ պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ։

Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութենէն ետք՝ բազմաթիւ քաղաքացիներ հաւաքուած էին Ազգային ժողովի դիմաց եւ կը պահանջէին անոր հրաժարականը։

Փաշինեանը յայտարարութենէն ետք նաեւ գրառում ըրած էր, ուր կը նշէր, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ որեւէ փաստաթուղթ չէ ստորագրուած եւ պիտի չի ստորագրուի։ Ան նաեւ Facebook-ի ուղիղ եթերով յայտարարած էր, որ որեւէ փաստաթուղթ չէ ստորագրուած։