
Ազրպէյճանական Զինուած Ուժեր Այս Դաժանութիւնները Տեսանկարած են եւ Մասնաւոր Հրապարակած, Որ Տարածուի Հայկական Տիրոյթէն Ներս Մարդոց Ահաբեկելու Նպատակով. Արման Թաթոյեան
Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու նախկին պաշտպաման Արման Թաթոյեան գրած է․
«Մենք կը հաւաքագրենք եւ կ՝ամրագրենք ազրպէյճանական պատերազմական յանցանքներու՝ ՀՀ զինծառայողներու խոշտանգումներուն, սպանութիւններուն վերաբերեալ ապացոյցներ, ներառեալ՝ տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ։ Կը կատարուի ազրպէյճաներէնէ թարգմանութիւն հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, կ՝իրականացի ամրագրում եւ վերլուծութիւն։
Այս պահուն ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ ազրպէյճանական զինծառայողները կը գործեն նոյն սկզբունքով, ինչ 2016թ. Ապրիլեան, 2020թ. 44-օրեայ պատերազմներուն ժամանակ։ Կը գործեն առանձնակի դաժանութեամբ, լկտիաբար՝ վստահ ըլլալով, որ ոչ միայն պիտի չի պատժուին, այլեւ պիտի արժանանան իրենց ղեկավարներու գովեստին։
Օրինակ՝ տեսանիւթի մը մէջ մերկացուցած են սպաննուած հայ կին զինծառայողը եւ կատարած դաժանութիւններ, նաեւ` մարմնի մասնատումներ:
Այդ նոյն հայ կնոջ մարմնին վրայ մեծ տառերով գրած են ազրպէյճանական յատուկ ջոկատին անուանումը` «YAŞMA» կամ «ԵԱՇՄԱ»: Այսինքն` իրենք կատարած են յանցանքը:
Նոյն տեսանիւթին մէջ ազրպէյճաներէնով կը նշեն, որ սպաննած են եւս 2 կին զինծառայող եւ կը ցուցադրեն անոնցմէ մէկուն խոշտանգուած դին՝ մերկ վիճակի մէջ։ Ինչպէս ասիկա, այնպէս ալ միւս դէպքերուն մանրամասները այս հրապարակումով չեն ներկայացուիր, անոնք կը ներկայացուին միջազգային համապատասխան կառոյցներուն:
Ազրպէյճանական զինուած ուժերը այս դաժանութիւնները տեսանկարած են եւ յատուկ հրապարակած այնպէս, որ տարածուի հայկական տիրոյթէն ներս` մարդոց ահաբեկելու նպատակով։
Մեր կողմէ ազրպէյճանական պատերազմական յանցանքները հիմնաւորող ապացոյցներու ամրագրումը ունի ազրպէյճանական իշխանութիւնները քրէական հետապնդման ու պատիժի ենթարկելու համար հիմքեր ապահովելու նպատակ։
Կը հաւաքագրուին եւ կ՝ամրագրուին նաեւ քաղաքացիական բնակչութեան հասցուած վնասներուն վերաբերեալ ապացոյցները։
Միանգամայն յստակ է․
Այս վայրագութիւնները ոչ թէ իրարմէ առանձին յանցանքներ են, այլ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն հայատեացութեան միասնական ատելութեան քաղաքականութեան հետեւանքներ, միասնական շղթայի մասեր։
Խոշտանգողները անգամ կ՝օգտագործեն նոյն արտայայտութիւնները, ինչ Ազրպէյճանի պաշտօնեաները։ Այս քաղաքականութիւնը ոչ միայն չէ դադրած, այլ հետզհետէ աւելի խորացած է՝ հասնելով բացայայտ ֆաշիզմի։ Եւ այս ամէնն ալ կը խրախուսուի այս հրէշաւոր յանցանքներուն համար բացարձակ անպատժելիութեամբ։
Այս իրավիճակին մէջ մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որպէսզի մեզի թմրեցնեն կեղծ խաղաղասիրութեամբ։
Ատիկա կը ծառայէ ազրպէյճանական շահերուն եւ կ՝օգնէ անոնց՝ «խաղաղութեան» շղարշով ծածկելու սեփական նենգ մտադրութիւնները»: