Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Կոչ Կ՝ընէ Ցոյցերով եւ Հաւաքներով Դատապարտելու Ազրպէյճանի Յարձակումները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ քիչ առաջ տեղի ունեցած միջ֊համայնքային, միջ-կուսակցական հաւաքի աւարտին, որպէս զօրակցութիւն Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդին ու հայոց բանակին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ յառաջիկայ Կիրակի մեր բոլոր թեմերու եկեղեցիներէն ներս զոհուած հայորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար պիտի կատարուի հոգեհանգիստ եւ վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման աղօթք։

Վեհափառ հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ պիտի դիմէ բոլոր կրօնական ու միջ֊եկեղեցական կեդրոններուն՝ դատապարտելու համար Ազրպէյճանի անարգ յարձակումը ինքնիշխան Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։

Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը կոչ ուղղեց գաղութներէն ներս միացեալ ճիգով ցոյցեր եւ հաւաքներ կազմակերպելու՝ դատապարտելով Ազրպէյճանի յարձակումը եւ զօրակցելով հայոց բանակին։

Տեղի ունեցած հաւաքին յայտարարութիւնը պիտի տեղադրուի քիչ ետք։