ՀԱՊԿ Գագաթնաժողովը Գլխաւոր Քարտուղարին Առաջարկած է Հայ-ազրպէյճանական Հակամարտութեան Գօտի Մեկնիլ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀԱՊԿ գագաթնաժողովը գլխաւոր քարտուղարին առաջարկած է մեկնիլ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտի՝ պետութիւններու ղեկավարներուն զեկոյց պատրաստելու համար: Ըստ «Երկիր»-ի՝  ՏԱՍՍ-ը յայտնած է, որ նման լուր տարածած է Պելառուսական ԲելՏԱ-ն։

ՀԱՊԿ-ի ծիրէն ներս առաջարկուած է ստեղծել խումբ՝ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սրացումներուն հետ կապուած իրավիճակի վերլուծութեան եւ առաջարկներ մշակելու համար: