
«2020թ․ Պատերազմը եւ Մարդու Իրաւունքները Արցախի Մէջ» Խորագիրով Քննարկում՝ Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ
Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Փիթըր Վան Տալենի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի համակազմակերպմամբ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ, Սեպտեմբեր 8-ին, իրականացած է «2020թ․ պատերազմը եւ մարդու իրաւունքները Արցախի մէջ» խորագիրով խորհրդաժողով։
Խորհրդաժողովի հիմնական զեկուցողները եղած են Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին մէջ հայ ռազմագերիի ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան։
Ձեռնարկին ներկայ եղած են Եւրոպական Խորհրդարանի բազմաթիւ պատգամաւորներ` տարբեր քաղաքական խումբերէ, բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Փիթըր Վան Տալենը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ օժանդակելու Արցախին, նշելով․ «Ես կանգնած եմ հայ ժողովուրդի կողքին։ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի կեանքը եւ անոնց մշակութային ժառանգութիւնը սպառնալիքի տակ են։ Մենք ոչ թէ պէտք է ընդունինք որեւէ «իրաւագիր», այլ ապահովենք Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան համար իր պատմական հողին վրայ ապրելու երաշխիքներ»։
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, բացման իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով խորհրդաժողովի մասնակիցներուն եւ խորհրդաժողովը նախաձեռնող պատգամաւոր Փիթըր Վան Տալենին, շեշտած է․ «2020 թ․ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած Արցախեան երկրորդ պատերազմը Արցախի ժողովուրդը իր բնօրրանին մէջ ցեղական զտումներու ենթարկելու նոր փորձ էր։ Իր հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդի ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքը հիմնարար մարդկային իրաւունք է։ Եւրոպական Խորհրդարանը արդէն իր հրատապ բանաձեւով դատապարտած է Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով հովանորուող հայատեացութեան քաղաքականութիւնը, որ ինքնին այն փաստի ճանաչումն է, որ Արցախի ժողովուրդի գոյութիւնը Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ անհնար է»։

Խորհրդաժողովի հիմնական զեկուցողները խօսած են Արցախեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին եւ անոր յաջորդող ժամանակահատուածին մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային համաձայնագրերու կոպիտ խախտումներուն վերաբերեալ ։
Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան մասնաւորապէս նշած է․ «Ցեղական զտումներու ազրպէյճանական քաղաքականութիւնը, սպառնալիքներու եւ բռնութիւններու կիրառումն ու բնակչութեան վրայ հոգեբանական գրոհները միտուած են խաթարելու բնականոն կեանքը, ինչպէս նաեւ նպատակ ունին յառաջացնելու Արցախի մէջ հայ ժողովուրդի գոյատեւման նկատմամբ անվստահութիւն։ Այս անվստահութիւնը հետզհետէ կ՝աճի, յատկապէս այն պարագային, երբ Արցախի կարգավիճակի հարցը բանակցութիւններու քննարկման նիւթ չի դառնար, մասնաւորապէս նաեւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութիւններուն ժամանակ»:
ՄԻԵԴ-ի մէջ հայ գերիներու պաշտօնական ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան Ազրպէյճանի դէմ միջազգային դատարաններու համապատասխան որոշումները իրաւական տեսանկիւնէ ներկայացնելէ բացի, ընդգծած է. «Հակահայ այլատյացութիւնը դարձած է Ազրպէյճանի որոշիչ յատկանիշը, որ կ՝արտայայտուի խօսքի ատելութեան, հայ բանտարկեալներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքի, հայերու նկատմամբ ցեղական բռնութեան հերոսացման, ցեղական զտումներու, պատմութեան ժխտման ձեւերով»։
Զեկոյցներուն յաջորդած է հարց ու պատասխան՝ ձեռնարկին ներկայ ազրպէյճանցիներու մասնակցութեամբ։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
08.09.2022 թ.