
ՀՕՄ-ի Մոսկուայի Կառոյցի «Միասին Փրկենք Կեանքեր» Բարեգործական Ձեռնարկը
Արցախեան քառասունչորսօրեայ պատերազմի նահատակ զինուորներու յիշատակի լռութեան րոպէով սկիզբ առաւ Հայ օգնութեան միութեան Մոսկուայի կառոյցին ծննդեան չորս ամեակին առիթով մեկնարկած «Միասին փրկենք կեանքեր» բարեգործական երեկոն։ Այս անգամ մոսկուայաբնակ հօմուհիները՝ իրենց ծննդեան տօնին ծիրէն ներս հանգանակուած գումարով՝ պիտի օգնեն հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին կամ Զինուորի տան մէջ բուժուող ու ապաքինուող մեր տղոց։ Դեռ չորս տարի առաջ էր երբ մէկ դար ու երկու տասնամեակ առաջ ձեւաւորուած ու աշխարհի 27 երկիրներու մէջ գործող Հայ Օգնութեան Միութիւն համահայկական բարեգործական կառոյցին միացան նաեւ Մոսկուայի հօմուհիները։ Հաւատարիմ իրենց առաքելութեան՝ ՀՕՄ-ի Մոսկուայի կառոյցը սկսաւ իրականացնել օգնութեան ու աջակցութեան տարբեր ծրագրեր։ Սկիզբը համավարակի, այնուհետեւ աղէտալի պատերազմի ժամանակ ու անկէ երկու տարի անց, երբ կար կորուստ ու ցաւ, որբ մնացած երեխաներ ու հաշմանդամ զինուորներ՝ անոնք կազմակերպեցին տարբեր ձեռնարկներ, բարեգործական երեկոներ եւ հանգանակուած գումարներով կեանքի կոչեցին շարք մը բարեսիրական ծրագրեր։
Բարեգործութեան հարիւրամեայ աւանդոյթներով ՀՕՄ-ի համահայկական մեծ ընտանիքը տեւական ժամանակ է որ կը գտնուի Զինուորի տան կողքին․ արդէն հասցուցած են ստանալ Զինուորի տան բարեկամի կոչում։ Անոնց կը միանայ նաեւ ՀՕՄ-ի Մոսկուայի մասնաճիւղը ու ծննդեան օրուան բարեգործական երեկոն ատոր սկիզբն էր։ Իսկ մինչ այդ, Մոսկուայի ՀՕՄ-ուհիները երախտիքի խօսքեր ու շնորհակալութիւնը կ՝ըսեն քառասունչորսօրեայ պատերազմի ժամանակ կռուած մէկ ձեռքին զէնք, միւսին բժշկական պայուսակ բռնած տղոց, ու նաեւ համավարակի օրերուն մարդասիրութեամբ կեանքեր փրկած բժիշկներուն։
Վիրաւոր զինուորներու կողքին ըլլալու, ապրելու եւ բոլորս ապրեցնելու կամքն ու բանաձեւը համախմբած է Մոսկուայի ՀՕՄ-ուհիները։ Համեստ ու խոնարհ հայուհիներու, որոնք չորս տարի շարունակ լուռ, առանց աւելորդ գովազդի եւ ցուցադրականութեան, հայ մօրն ու կնոջը յատուկ հոգատարութեամբ կեանքի կը կոչեն իրենց բարեգործական ծրագրերը, գումարը կը հանգանակեն յաճախ իրենց իսկ ձեռքով պատրաստուած աշխատանքները ներկայացնելով։
Միասին ոչ միայն կեանքեր փրկելու ու բարեգործական ծրագրեր՝ այլեւ ռուս-հայկական մարդասիրական ոլորտէն ներս համագործակցութեան ու ներդրման համար, ՀՕՄ-ի Մոսկուայի կառոյցը բարեմաղթանքներէն բացի շնորհակալագրեր ստացաւ շարք մը հասարակական կառոյցներէ ու ՀՀ դեսպանատան Մշակութային կեդրոնին կողմէ։
