
Էդուարդ Միլիտոնեան Քուէյթաբնակ Գրող Կիրակոս Գույումճեանը Պարգեւատրեց «Գրական Վաստակ» Շքանշանով
Հայաստանի գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ քուէյթաբնակ գրող, հասարակական գործիչ եւ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի պարգեւատրումը «Գրական վաստակ» շքանշանով` հայ գրականութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար:
Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան բարձր գնահատեց Գույումճեանի անցած ուղին ու վաստակը` հայ գրականութեան եւ հայ հասարակական-գրական կեանքին մէջ` յատկանշելով անոր արաբերէն ստեղծագործութիւնները Հայաստանի, հայկական հարցերու բարձրացման եւ տարածման առումով:
Կիրակոս Գույումճեան Գրողներու միութեան տուն այցելեց թոռնիկներուն հետ շնորհակալութիւն յայտնելու պարգեւին համար եւ արտայայտելու իր յանձնառութիւնն ու նուիրուածութիւնը՝ հայ գրականութեան, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հարցերու նկատմամբ:


