Ազրպէյճանի ԶՈւ Ստորաբաժանումները Կրակած են ՀՀ ՊՆ Փոխադրամիջոցի Ուղղութեամբ․ Հայկական Կողմը Կորուստ Չունի.ՊՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան ուղղութեամբ կրակած են ՀՀ ՊՆ փոխադրամիջոցի ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստ չունի: Այս մասին կը յայտնէ ՊՆ խօսնակ Արամ Թորոսեան:

Միաժամանակ, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է ապատեղեկատւութիւն, յայտնելով, թէ իբր ՀՀ զինուած ուժերու ստորաբաժանումները՝ հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան ուղղութեամբ՝ կրակ բացած են ազրպէյճանական դիրքերու եւ ռազմական փոխադրամիջոցներու ուղղութեամբ: