
Սրբազան է Ձեր Առաքելութիւնը՝ Յատկապէս Մերօրեայ Արցախի Մէջ, եւ Ձեր Ձեռքերուն Մէջ է Մեր Ներկան ու Ապագան․ Արցախի Թեմի Առաջնորդ
Արցախի թեմի առաջնորդին ուղերձը գիտելիքի օրուան առիթով.
Սիրելի՛ ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ ուսանողներ,
Այսօր շատ կարեւոր եւ խորհրդանշական օր է կրթական բոլոր հաստատութիւններուն համար, որովհետեւ սկիզբ կը դրուի ուսումնական նոր փուլի մը՝ լեցուած նոր սպասումներով եւ երազանքներով։ Ամէն մէկ ուսումնական տարուան սկիզբ իւրայատուկ իմաստ եւ բովանդակութիւն ստացած է յատկապէս մեզի՝ արցախցիներուս համար։ Դպրոցական առաջին զանգը, ամէն անգամ հնչելով, կարծես թէ կ՝ազդարարէ, որ փորձութիւններով, տառապանքով անցած մեր երկրին մէջ դեռ չէ մարած ապրելու կամքն ու յոյսը։ Մեր փոքրիկները, պատանիներն ու երիտասարդները, մեր ազգի քաջ զաւակներու սխրանքներուն շնորհիւ, երջանիկ հնարաւորութիւն ունին գիտելիքի եւ կրթութեան մեծ աշխարհ մտնելու իրենց հայրենի հողին վրայ, իրենց հայկական դպրոցին եւ համալսարանին մէջ։
Սիրելի՛ մանկավարժներ, սրբազան է ձեր առաքելութիւնը յատկապէս մերօրեայ Արցախի մէջ, եւ ձեր ձեռքերուն մէջ է մեր ներկան ու ապագան։ Հակառակ ժամանակի բազում խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն՝ զինուեցէք համբերութեամբ եւ Աստուծոյ օգնութեամբ։ Գիտելիքէն աւելի՝ փորձեցէք մեծցնել բարեկիրթ եւ աստուածավախ սերունդ։ Կը մաղթենք ձեզի ուժ եւ կորով՝ նուիրումով կատարելու ձեր գործը։ Դժուարին է ուղին, բայց՝ պտղաբեր եւ բարի։