
Թուրք Անդամներէ Բաղկացած Կազմակերպութեան Յայտարարութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան 31-րդ Տարելիցին Առիթով․ Անուրանալի է Ժողովուրդներու Ինքնորոշման Իրաւունքի Սկզբունքը
Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ գործող «Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան» (Soykırım Karşıtları Derneği) կազմակերպութիւնը, որ յատկապէս բաղկացած է եւրոպաբնակ թուրք ու քիւրտ անդամներէ, յայտարարութիւն տարածած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 31-րդ տարելիցին առիթով։ Այս մասին կը յայտնէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով կազմակերպութեան պաշտօնական Facebook-ի էջին վրայ հրապարակուած յայտարարութիւնը, ուր մասնաւորապէս նշուած է․
«ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք, միւս հանրապետութիւններուն նման, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւս հռչակած է իր անկախութիւնը, որուն 31-րդ տարելիցն ալ պիտի նշուի Սեպտեմբեր 2-ին։ Արցախի տարածքներուն վրայ ապրող բնակչութիւնը, որուն մեծամասնութիւնը հայ ժողովուրդն է, ժողովրդավարական ճանապարհով ինքնորոշուելով, հանրապետութեան ստեղծման մասին հաղորդեց աշխարհի ժողովուրդներուն ու պետութիւններուն։ Իր գոյութեամբ հարեւաններու համար երբեք սպառնալիք չեղած այս հանրապետութիւնը, ստեղծման օրէն ի վեր ենթարկուելով թուրանապաշտ, ծաւալապաշտ պետութիւններու բռնութիւններուն, հրահրուած պատերազմներու հետեւանքով հազարաւոր երիտասարդներ կորսնցուցած է․ հարիւրաւոր մարդիկ տեղահան եղած են իրենց հայրենի երկրէն, իսկ ստեղծուած հոյակերտ մշակութային ժառանգութիւնը աւերուած է։
Մտադիր են 107 տարի առաջ արեւմտահայերու ենթարկւած Ցեղասպանութիւնը այսօր իրագործել արեւելահայերուն նկատմամբ։ Մենք չենք ուզեր այդ բոլորին հանդիսատեսը մնալով՝ մեղսակից դառնալ այդ յանցագործութեան։ Որքան որ անուրանալի է ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը, նոյնքան անժխտելի փաստ է, որ այդ իրաւունքի իրագործումը անխուսափելի է ժողովուրդներու խաղաղ եւ բարեկամական համագոյակցութեան համար։
Այդ առթիվ, «Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան» անունով մեր կազմակերպութիւնը կ՝ողջունէ Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւնը եւ տէր կը կանգնի անոր։
Կը կրկնենք մեր կոչը՝ ուղղուած անոր, որ կատարուող ցաւալի դէպքերը ժամ առաջ դադրեցուին, եւ բացուած վէրքերու ապաքինման համար պատասխանատու անձերու կողմէ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկուին այդ ուղղութեամբ»։
Յիշեցնենք, որ դեռ 1998 թ․ Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ հիմնուած «Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան» կազմակերպութիւնը վերջին 20 տարիներուն աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններու դատապարտման ուղղութեամբ։ Իր ստեղծման օրէն սկսեալ՝ գրեթե ամէն տարի սոյն կազմակերպութիւնը Ապրիլ 24-ին պատուիրակութիւն ուղարկած է Հայաստան՝ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը յարգելու նպատակով։ Բացի այդ, միութիւնը երբեմն հանդէս եկած է տարբեր միջոցառումներով, ինչպէս՝ դասախօսութիւն-սեմինարներ, կլոր սեղան-քննարկումներ եւ այլ հետաքրքրական ձեռնարկներ, որոնք բոլորն ալ նուիրուած եղած են Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած ցեղասպանութիւններու հետեւանքներու վերացման (Այդ մասին աւելի մանրամասն տես՝ https://akunq.net/am/?p=63285)։
Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան կազմակերպութիւնը ժամանակ առ ժամանակ ցոյցեր իրականացուցած է Ֆրանքֆուրթի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի կամ Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ այլ ներկայացուցչութիւններու մօտ՝ յիշեցնելով այդ երկրին իր սարսափելի ոճիրներուն մասին։ Նման մեծ ցոյց կազմակերպուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին, 2015 թ․ Ապրիլին Ֆրանքֆուրթի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ։ (Այդ մասին մանրամասն տես՝ https://akunq.net/am/?p=44334)։
Դժբախտաբար, անցեալ տարի սոյն կազմակերպութիւնը թագավարակի հետեւանքով կորսնցուց իր հիմնադիր նախագահը՝ Ալի Էրթեմը։ Այնուամենայնիւ, գնահատելի է, որ հակառակ յարգարժան Ալի Էրթեմի անժամանակ եւ ցաւալի մահուան՝ միութիւնը կը շարունակէ իր հայանպաստ գործունէութիւնը։
Արեւելահայերէնի թարգմանեց Մելինէ Անումեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը