Հրադադարի Հաստատումէն Ետք Ազրպէյճանի Կողմէ Կատարուած է Աւելի Քան 112 Յանցագործութիւն. Արցախի ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրապարակած է «2022թ․ Օգոստոսին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու խախտումներու մասին» եռալեզու (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն) արտահերթ զեկոյցը, որ ուղարկուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջնային իրաւագիր ունեցող կառոյցներուն եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն։

Զեկոյցի առաջին բաժինով ներկայացուած են փաստեր Եռակողմ յայտարարութեան ընդունումէն ետք Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ համակարգուած եւ շարունակաբար իրականացուող յանցագործութիւններուն վերաբերեալ։ Հրադադարի հաստատումէն ետք Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած է մարդկային եւ նիւթական խոշոր վնասի հասցուցած աւելի քան 112 յանցագործութիւն, որուն հետեւանքով սպաննուած է 3 քաղաքացիական եւ 15 զինուորական անձ, սպանութեան փորձի ենթարկուած է 126 անձ (48 քաղաքացիական, 78 զինուորական), տարբեր աստիճանի հրազէնային վնասուածք ստացած է կամ բռնութեան ենթարկուած է 65 անձ (14 քաղաքացիական, 51 զինուորական)։ Անդրադադարձ եղած է նաեւ 2022 թուականի Օգոստոսին Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած հերթական յարձակման եւ անոր հետեւանքներուն։

Երկրորդ բաժինով անդրադարձ եղած է Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող (Լաչինի) միջանցքի կենսական նշանակութեան ու անոր իրաւական վարչաձեւի փոփոխութեան անթուլատրելիութեան, ինչպէս նաեւ միջանցքով անցնող երթուղին Եռակողմ յայտարարութեամբ սահմանուած ժամկէտէն շուտ փոփոխելու Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած անօրինական պահանջին։ Արձանագրուած է, որ իր անօրինական պահանջները առաջ մղելու համար ազրպէյճանական կողմը շարունակաբար կը դիմէ ուժի կիրառման կամ անոր սպառնալիքի, որ միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է։

Երրորդ բաժինը անդրադարձած է ուժի կիրառման սպառնալիքի ներքոյ խաղաղ բնակավայրերու՝ Բերձոր, Աղաւնօ եւ Ներքին Սուս համայնքներու հայաթափման, անոր հետեւանքով մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներուն, որ ուղղակիօրէն կը հակասէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ 2020 թուականի Սեպտեմբեր 29-ին կիրառուած եւ նոյն թուականի Նոյեմբեր 3-ին առաւել ընդլայնուած միջանկեալ միջոցին, որմով կողմերուն կոչ եղած է ձեռնպահ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել քաղաքացիական բնակչութեան Համաձայնագրով պաշտպանուող իրաւունքներու խախտման։

Չորրորդ բաժինով ներկայացուած են ապացոյցներ օգոստոսեան աստիճանական յարձակման զուգահեռ Ազրպէյճանի պետական պաշտօնեաններու, հանրային գործիչներու կողմէ հայերու դէմ ուղղուած ատելութեան խօսքի եւ հայատեացութեան այլ դրսեւորումներու կտրուկ աճին վերաբերեալ։ Արձանագրուած է, որ Ազրպէյճանը ակնյայտօրէն կ՝անտեսէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի որոշումը, մասնաւորապէս որոշման 2-րդ կէտով սահմանուած պահանջը, որուն համաձայն՝ Ազրպէյճանը պարտաւոր է․ «ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու ազգութեամբ եւ ցեղով հայերը թիրախաւորող ռասայական ատելութեան եւ խտրականութեան հրահրումը եւ խթանումը, ներառեալ՝ Ազրպէյճանի պաշտօնեաներու եւ պետական հաստատութիւններու կողմէ»։

Զեկոյցին հինգերորդ բաժինով անդրադարձ եղած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան իրաւագիրի յստակեցման անհրաժեշտութեան, որ արդիւնաւէտ մեքենականութիւններ պիտի ապահովէ հրադադարի խախտումներուն պատշաճ հակազդելու եւ լիարժէք խաղաղութիւն ապահովելու համար։

Զեկոյցը պատրաստուած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու, քաղաքացիական բնակավայրեր կատարած այցերու, քաղաքացիներու հետ ունեցած առանձնազրոյցներու, պետական լիազօր մարմիններէն ստացուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ եւ նպատակ կը հետապնդէ փաստագրելու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու խախտման դէպքերն ու անոնց տարաբնոյթ դրսեւորումները եւ միջազգային կառոյցներու եւ իրավապաշտպան կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրելու Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին։

Զեկոյցը հասանելի է այստեղ: