Իւրաքանչիւր Պահը Ապրիլ՝ Առանց Շտապելու

Այլեւայլ

Մենք ամէն օր կ՝անցնենք շտապողականութեան մէջ՝ առաւօտեան կը վազենք աշխատանքի, կը շտապենք զեկոյց ներկայացնել տնօրէնին, գործէն ետք կը շտապենք տուն՝ ընթրիք պատրաստելու: Մենք գրեթէ ոչինչ կը հասցնենք ընել,
կը ջղայնանանք եւ կը մտածենք, որ լուրջ խնդիրներ ունինք ժամանակի կարգաւորման հետ: Սակայն անոնք ընդհանրապէս կապ չունին մեր ժամանակը կառավարել կարողանալու ունակութեան հետ: Ամենավատը այն է, որ այս
ամէնուն մէջ մենք կը մոռնանք ամենակարեւորը՝ ապրիլ:

Փոքրիկները շատ դանդաղկոտ են, անոնք երկար կը հագնին կօշիկները, երկար կը հետեւին կենդանիներուն: Մեծերուն կը բարկացնէ այդպիսի դանդաղկոտութիւնը, անիկա ընդհանրապէս չի տեղաւորուիր մեր ցուցակին մէջ, ուր կայ աշխատանք, պատրաստութիւններ, մաքրութիւն, բայց ոչ լիարժէք կեանք: Մենք կը կարծենք, որ հանգիստ առաջ կը շարժինք, բայց իրականութեան մէջ կը շարժինք բաւական արագ եւ չենք նկատեր, թէ ինչպէս ամէն ինչէ հեռու կը մնանք:

Կեանքի համը զգալը, անոր գեղեցկութիւնը նկատելը եւ չվախնալը որեւէ տեղ չհասնելէ բնորոշ է բոլոր պզտիկներուն:

Եղած է ժամանակ, երբ մենք ալ չէինք հասկնար, թէ ինչու մայրիկը կը բարկանայ մեր դանդաղկոտութեան վրայ: Այդ տարիքին աշխարհի ժամանակը մերն էր, իսկ մեծնալով, մենք սկսանք զգալ, որ ժամանակը կը դառնայ աւելի ու աւելի քիչ:

Եթէ կը զգաք, որ կը զրկուիք կեանքի կարեւոր պահերէն եւ կ՝ուզէք վերջապէս դադրիլ շտապելէ, ուրեմն անհրաժեշտ է հետեւիլ այս խորհուրդներուն.

Զգացէք պահը։ Ի հարկէ սկիզբէն դժուար պիտի ըլլայ ուշադրութիւն դարձնել ամէն ինչին, սակայն, վաղ թէ ուշ, պիտի յաջողիք: Սկիզբը ձեզի յարմար արհեստական իրավիճակ ստեղծեցէք, որուն մէջ պիտի կրնաք շեղիլ կողմնակի մտքերէն եւ վայելել կեանքը: Հիանալի տարբերակ է հանգստացնող լոգանքը՝ ծովի աղով կամ փրփուրով: Կարեւորը ջուրին մէջ գտնուելով մի մտածէք պայմանագրերու, հաշիւներու մասին: Փորձեցէք գիտակցիլ պահի գեղեցկութիւնը: Մտովի
պայմանաւորուեցէք դուք ձեր հետ. «Ես չեմ շտապեր, ամէն ինչ կը հասցնեմ: Այս լոգանքը կենսական նշանակութիւն ունի ինծի համար եւ մէկ շաբթուան ուժ պիտի հաղորդէ»: Փակեցէք աչքերը եւ հանգստացէք:

Մէկ գործ ըրէք։ Մարդիկ, որոնք մշտապէս կը շտապեն, անընդհատ կը կրկնեն. «Ես այնքան գործ ունիմ, որ չեմ գիտեր ինչէն սկսիլ»: Զարմանալի չէ, որ անոնք կը հասցնեն աւելի քիչ բան ընել, քան մնացեալը: Եթէ սկսած էք մէկ գործ՝ ուրեմն աւարտեցէք զայն եւ միայն յետոյ անցէք միւսին:

Դուք ամենակարող կին չէք։ Ժամանակակից կանայք որոշած են, որ առանց հերոսութիւններու չեն կրնար: Անոնք պէտք է ըլլան գեղեցիկ, արդիւնաւէտ աշխատողներ, լաւ մայրեր, լաւ տնային տնտեսուհիներ: Հնարաւո՞ր է արդեօք
յաջողութեամբ խաղալ այս բոլոր դերերը, եթէ օրը ունի ընդամէնը 24 ժամ: «Դժուար է, բայց հնարաւոր», կը մտածեն գեղեցիկ սեռի ներկայացուցիչները եւ կը սկսին նմանիլ քշուած ձիու՝ յոգնած, ուժասպառ, սակայն միեւնոյն ժամանակ
կրկին որեւէ տեղ շտապող: Դադրեցէք այդպէս ընելէ, դուք հերոս չէք: Մի պահանջէք ձեզմէ անկարելին, վերանայեցէք ձեր ցուցակը եւ ձգեցէք վաղուան յետաձգուող գործերը:

Ձեր դերերը գրագէտօրէն բաշխեցէք՝ պէտք չէ նոյն օրը ըլլալ լաւ աշխատող, լաւ տանտնտեսուհի: Մաքրութիւնը կրնաք ձգել հանգստեան օրերուն:

Հասկնալ պատճառները։ Յաճախ մենք կը շտապենք, երբ շտապելու առիթ ընդհանրապէս չկայ: Ոմանց համար ատիկա սովորութիւն դարձած է, ոմանք մեծ ծրագիրներ կը կազմեն օրուան համար, իսկ յետոյ կը ջղայնանան, որ չեն հասցներ:
Հասկցէք ձեր շտապելու պատճառները, վերլուծեցէք, թէ ձեզի ինչու պէտք է մշտական վերջնաժամկէտներու զգացողութիւնը: Հաւանաբար հասկնաք, որ ամէն օր կը փորձէք վազել իրական խնդիրներու կողքէն, ձեւացնելով, թէ անոնք գոյութիւն չունին:

Եթէ դուք գիտակցած էք ձեր խնդիրը եւ պատրաստ էք ջանքեր գործադրելու անոր լուծման համար, ուրեմն ճանապարհի կէսը արդէն անցած է: Սակայն մի շտապէք վազել միւս կէսը անցնելու համար, ըրէք ատիկա զգացմունքով, գիտակցուած: Համոզուած եղէք, որ որոշ ժամանակ անց դուք պիտի սորվիք նկատել շրջապատի գեղեցկութիւնը: