Արցախի Մէջ Մշակոյթի Տարբեր Ոլորտներու Զարգացման Վերաբերող Հարցերու Քննարկում

Հայաստան

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը, Օգոստոս 30-ին, հանդիպած է Արցախի Հանրապետութըեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, Օգոստոս 31-ին, ԱՀ ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեանի հետ։ Հանդիպումներուն ընթացքին, որուն ներկայ եղած է նաեւ ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեանը, քննարկուած են յետպատերազմեան Արցախի մէջ մշակոյթի տարբեր ոլորտներու զարգացման վերաբերող հարցեր: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Յիշեցնենք, որ Զաքար Քէշիշեանը Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիրն ու գեղարուեստական ղեկավարն է։ Երգչախումբը այս տարի կը նշէ իր 30-ամեակը, որուն առիթով համերգաշարեր պիտի կայանան Ստեփանակերտի մէջ: