«Կ՝ուզենք Արթուր Դաւթեանին Վերջին Առիթ Տալ՝ Փրկելու Իր Պատիւը»․ Զոհուած Զինծառայողներու Ծնողները Կը Պահանջեն Ձերբակալել Նիկոլ Փաշինեանը

Հայաստան

44–օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ծնողները, այսօր, Գլխաւոր դատախազութեան շէնքին մօտ էին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ձերբակալելու պահանջով։ Ծնողները փակած էին Երեւանի Վազգէն Սարգսեան փողոցը։

Ըստ «Երկիր»-ի՝ 44-օրեայ պատերազմին զոհուած Հայկ Մելիքեանի մայրը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց՝ այնպէս, ինչպէս Ապրիլէն սկսեալ, այժմ ալ գլխաւորր դատախազ Արթուր Դաւթեանէն կը շարունակեն պահանջել  ձերբակալել Նիկոլ Փաշինեանը։ Եթէ գլխաւոր դատախազը այդպէս վարուէր 4 ամիս առաջ, երկիրը նոր արհաւիրքներու առջեւ չէր կանգներ։

«Բոլորս գիտենք, որ Արթուր Դաւթեանի պաշտօնավարման ժամկէտը կը լրանայ մօտ օրերս, եւ մենք կ՝ուզենք անոր ընդամէնը վերջին առիթ տալ՝ փրկելու իր պատիւը, իր ընտանիքի պատիւը, որպէսզի դաւաճանի խարանը մէկընդմիշտ չդրուի իր եւ իր սերունդներու ճակատին։ Որպէսզի ան վերջապէս կայացնէ այդ կարեւոր որոշումը, եւ այդ որոշումով կասեցնէ նաեւ մեր պետութեան շարունակական կազմաքանդումը»,- ըսաւ զոհուած զինծառայողին մայրը։

«Մենք տեղեկացանք, որ Փաշինեանը վաղը կը մեկնի Պրիւքսէլ՝ հանդիպման։ Բայց ան պէտք չէ ներկայացնէ հայ ժողովուրդը, ան այդ իրաւունքը չունի։ Մենք կը պահանջենք, որ գլխաւոր դատախազը կանխէ անոր գործողութիւնները, այն ալ՝ որքան հնարաւոր է շուտ»,- լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ զոհուած զինծառայող Մխիթար Գալէյեանի հայրը՝ Գարիկ Գալէյեան։

Անոր խօսքով՝ վաղը Փաշինեանը կրկին որեւէ այլ փաստաթուղթ կը ստորագրէ, եւ կը սկսինք Հայաստանէն տարածքներ տալ։