
Ընդդիմութիւնը Պիտի Մասնակցի Սեպտեմբեր 2-ին Արցախի Մէջ Կայանալիք Ձեռնարկներուն. «Փաստինֆօ»
«Փաստինֆօ»-ն կը գրէ․
«Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւորները կը մեկնին Արցախ՝ մասնակցելու Սեպտեմբեր 2-ին Արցախի Հանրապետութեան հռչակման նուիրուած ձեռնարկներուն, իսկ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը դեռ որոշում չունի.
«Սեպտեմբեր 2-ին ԼՂ Հանրապետութեան հռչակման օրը, ի հարկէ, ֆրակցիայի մեր ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Արցախի մէջ։ Մենք պարբերաբար կ՝այցելենք Արցախ, ես ալ օրեր առաջ մեր քանի մը պատգամաւոր գործընկերներու հետ եղած ենք Աղաւնօ, Ստեփանակերտի մէջ ունեցած՝ շարք մը հանդիպումներ։ Յիշեցնեմ նաեւ, որ Հանրապետութեան հռչակման օրուան նուիրուած նաեւ Սեպտեմբեր 2-ին Ֆրանսայի հրապարակի վրայ մեծ հանրահաւաք պիտի ընենք»,- «Փաստինֆօ»-ին ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ագնեսա Խամոյեան:
«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան, իր հերթին, ըսաւ՝ հաշուի առնելով, որ այդ օրը ե՛ւ Երեւանի մէջ ե՛ւ Ստեփանակերտի մէջ նախատեսուած են հանրահաւաքներ, խմբակցութեան պատգամաւորներուն մէկ մասը պիտի մասնակցի Երեւանի հանրահաւաքին, իսկ միւս մասը, ինչպէս նաեւ «Հանրապետական» կուսակցութեան ներկայացուցիչները, պիտի գտնուին Ստեփանակերտի մէջ.
«Ես նոյնպէս մեծ սիրով պիտի մեկնէի Ստեփանակերտ, բայց Երեւանի հանրահաւաքի ժամանակ ելոյթ ունիմ»,- աւելցուց Մամիջանեան:
ՔՊ խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը մեզի փոխանցեց, որ իրենց խմբակցութիւնը դեռ որոշում չունի.
«Որոշում ունենալուն պէս կը տեղեկացնեմ»,- ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 2-ին՝ Արցախի օրուան առիթով, Արցախի ԱԺ բոլոր 5 խմբակցութիւններուն նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք: Ժամը 17:30-ին Ստեփանակերտի Ազատութեան հրապարակէն քայլերթ, 19:00-ին կեդրոնական՝ Վերածնունդի հրապարակին վրայ՝ հանրահաւաք:
Նոյն օրը հանրահաւաք տեղի կ՝ունենայ նաեւ Երեւանի կեդրոնը՝ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ: