Ընկերութեան Շնորհիւ Կարելի է Ամրապնդել Առողջութիւնը

Այլեւայլ

Ընկերական լաւ յարաբերութիւնները կը պարգեւեն ոչ միայն դրական զգացումներ, այլեւ կ’ամրապնդեն առողջութիւնը: Ասիկա պարզած են գիտնականները, որոնք ուսումնասիրութիւններ կատարած են համալսարանի աւելի քան 65 աշխատակիցի վրայ։

Յատուկ մտախոհութեան (meditation) մասնակցած աշխատակիցներու կէսին խնդրած են մտածել իրենց ու մտերիմներու մասինբացառապէս դրական բաներ: Այս փորձերը իրականացած են ամէն շաբաթ մէկուկէս ամիս շարունակ։ Կամաւորներուն նաեւ առաջարկած են ճնշուած իրավիճակներու մէջ յիշել իրենց
մտերիմները:

Պարզուած է, որ մասնակիցները աւելի շատ դրական իրավիճակներ կ’ապրին, իսկ թափառող ջիղը՝ կը սկսի աւելի լաւ գործել:

«Գլխաւոր եզրակացութիւնը այն է, որ մենք ի վիճակի ենք փոխելու որեւէ ֆիզիքական բան մարդոց առողջութեան մէջ` մեծցնելով դրական զգացումներու ամենօրեայ բաժինը: Ու ատիկա կ’օգնէ մեզի լուծելու շատոնց գոյութիւն ունեցող գաղտնիքը, քանի որ մեր գգացումներն ու զգացմունքները կ’ազդեն ֆիզիքական
առողջութեան վրայ»,- ըսած են գիտնականները: