
Մեր Ազգային եւ Պետական Շահերուն Հակասող Սոյն Հակասահմանադրական Նախագիծով Իշխանութիւնները Պիտի Խորացնեն Ներազգային Պառակտումը․ Յայտարարութիւն
Այս օրերուն, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախի Հանրապետութիւնը անվտանգային լրջագոյն մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, երբ աշխարհաքաղաքական զարգացումներն ու տարածաշրջանային լարուածութիւնը ամէն պահ լի են նոր, անկանխատեսելի սպառնալիքներով, երկրի անվտանգութիւնն ամրապնդելու, ՀՀ Զինուած ուժերը վերակազմաւորելու, համակարգային բարեփոխումներ իրականացնելու, Հայոց բանակի եւ հայ ժողովուրդի մարտական ոգին վերականգնելու փոխարէն, Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հերթական նախաձեռնութեամբ փոշիացնել եղած ներուժը։
Իշխանութիւններուն կողմէ հանրային քննարկման ներկայացուած «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծը հեռուն գացող ծանր հարուած է երկրի անվտանգային միասնական համակարգին, հանրային համերաշխութեան, Հայրենիքի նկատմամբ համաժողովրդական նուիրուածութեան ու մեզի համար կենսական «Ազգ-բանակ» գաղափարին։
Իրականութեան մէջ ասիկա մեր մեծագոյն ձեռքբերումներէն մէկուն՝ Արցախեան Ազատամարտով, հազարաւոր հայ նուիրեալներու կեանքի եւ համազգային նուիրումի գնով կեանքի կոչուած՝ համաժողովրդական Բանակի գաղափարի մերժումն է, մեր պետականութեան հեռանկարը կասկածի դնող քայլ։
Ըստ էութեան, խոշոր գումարի դիմաց կը վերացուի ՀՀ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած պարտադիր զինուորական ծառայութեան համակարգը, ա՛լ աւելի տկարացնելով 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած հանրային եւ պետական դիմադրողականութիւնը։ Մեր ազգային եւ պետական շահերուն հակասող սոյն հակասահմանադրական նախագիծով իշխանութիւնները պիտի խորացնեն ներազգային պառակտումն ու հասարակական բեւեռուածութիւնը, երկրին մէջ ձեւաւորելով ոչ հաւասար իրաւունքներով եւ պարտականութիւններով հանրային շերտեր։
Արձանագրելով, որ փաստարկուած ներկայացուցած ենք եւ պիտի շարունակենք բարձրաձայնել այս նախաձեռնութեան վտանգաւորութիւնը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը վերահաստատէ իր աներկբայ վերաբերմունքը Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր ՀՀ զինուած ուժերու համաժողովրդական, բոլորի համար պարտադիր զինապարտութեամբ համակարգի պահպանման հարցով։
Կոչ կ՝ընենք հանրային լայն շրջանակներուն, մեր ողջ հասարակութեան ընդդիմանալու երկիրը հետեւողականօրէն կազմաքանդման տանող այս իշխանութիւններուն, անոնց ապազգային նախաձեռնութիւններուն, թոյլ չտալու երկիրը զրկելու պաշտպանութեան, իսկ անոր քաղաքացիները սեփական Հայրենիքին մէջ արժանապատիւ, անվտանգ եւ խաղաղ ապրելու հեռանկարէն։
Միասին կրնա՛նք։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին
26․08․2022 թ.