Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը Արցախին Օժանդակութեան Քոնկրեսական Նոր Գործընթաց Խթանած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Վերջին շաբթուան ընթացքին Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին կողմէ իրականացուած համայնքային զօրաշարժի իբրեւ արդիւնք` յանձնախումբի ելեկտրոնային կայքին ընձեռնած հնարաւորութիւններով, Ամերիկայի հայ համայնքի աւելի քան 100,000 activist, ԱՄՆ ողջ տարածքէն, նամակներ ուղարկած են իրենց տարածքներէն ընտրուած քոնկրեսականներուն՝ ահազանգելով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ շարունակական ցեղական զտումներուն մասին եւ պահանջելով անյապաղ դադրեցնել ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութիւնը Ալիեւի վարչաձեւին։ Ուղարկուած նամակներուն մէջ հայկական ծագումով ԱՄՆ քաղաքացիները հարց բարձրացուցած են․ «Ինչո՞ւ իմ տուած հարկային տոլարները կ՝ուղարկէք քարիւղով հարուստ ազրպէյճանցի զինուորականներուն, որոնք քրիստոնեայ հայերու ցեղական զտում կ՝իրականացնեն վերջիններուս բնիկ հայրենիքին՝ Արցախի մէջ»։

Յատկանշական է, որ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի «Արագ արձագանգման ծրագիր»-ին, որուն միջոցով կ՝ուղարկուին նման գրութիւնները, բաժանորդագրուած են նաեւ ԱՄՆ ոչ հայ քաղաքացիներ, միասնական կառավարութեան գործընկեր կազմակերպութիւններու activist-ներ, որոնք նոյնպէս կ՝օժանդակեն Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի աշխատանքներուն։

Շարունակելով Ազրպէյճանին ամերիկեան օժանդակութենէն զրկելու պայքարի աշխատանքները՝ քոնկրեսականներ Ֆրէնք Փալոնը եւ Տինա Թիթուսը նոր գործընթաց սկսած են Արցախի համար ամերիկեան օժանդակութիւն ապահովելու համար՝ խնդրելով օրէնսդիրներուն ստորագրելու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին եւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ղեկավար Սամանթա Փաուըրին ուղղուած քոնկրեսական նամակը, որմով վերջիններուս կոչ կ՝ուղղուի «անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու Արցախի մէջ վտանգի տակ գտնուող հայ բնակչութեան նշանակալի օժանդակութիւն յատկացնելու համար»։

Քոնկրեսականներուն ուղղուած նամակին մէջ Փալոնն ու Թիթուսը կ՝ընդգծեն՝ մինչեւ օրս ԱՄՆ ՄԶԳ-ն ընդամէնը 5 միլիոն տոլար յատկացուցած է Արցախէն տեղահանուածներու օժանդակութեան, որոնք ներկայիս կը գտնուին Հայաստանի մէջ։ Քոնկրեսականները այդ գումարին չափը բաւարար չեն համարած մարդասիրական ճգնաժամը լուծելու համար եւ մտահոգութիւն յայտնած են, որ Արցախի բնակչութիւնը առհասարակ այդ օգնութիւնը չէ ստացած: Նամակով պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին եւ ԱՄՆ ՄԶԳ ղեկավար Սամանթա Փաուըրին կոչ ուղղուած է աւելցնելու Արցախի ժողովուրդին տրամադրուող անմիջական օգնութիւնը, խթանելու Պայտընի վարչակազմին ջանքերը Արցախին անմիջականօրէն աջակցելու ուղղութեամբ, իրականացնելու Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերեալ կարիքներու գնահատում։

ԱՄՆ Քոնկրեսի հայկական հարցերով խումբի համանախագահ Ճէքի Սփիըրը եւ Ներկայացուցիչներու պալատի հետախուզութեան յանձնաժողովի նախագահ Ադամ Շիֆը արդէն իսկ յայտարարած են այս նախաձեռնութեան իրենց զօրակցութեան մասին։ Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանքներ կը տանի հնարաւորինս շատ քոնկրեսականներու ստորագրութիւն ապահովելու համար։

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի «Արագ արձագանգման ծրագիր»-ին միջոցով այս պարագային եւս պիտի ապահովուի մեծաքանակ անհատական նամակներու յղում քոնկրեսական պաշտօնեաներուն։

Օրեր առաջ տեղեկացուցած էինք, որ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեանը, նամակով դիմած է Քոնկրեսի ղեկավարութեան՝ կոչ ընելով հետաքննութիւն իրականացնելու Պայտընի վարչակազմին կողմէ Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն չտրամադրելուն վերաբերեալ, քանի որ վերջինս կ՝ենթարկուի յարձակման եւ ցեղական զտումներու, ինչպէս նաեւ ունի սնունդի, ջուրի, վառելիքի ու կենսապահովման համար անհրաժեշտ այլ միջոցներու պակաս։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
26.08.2022 թ.