Սփիւռքը, Հայաստանն ու Արցախը Լուրջ Տագնապի Մէջ Են․ Տարօն Խաչատուրեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ աշխարհի ներկայ իրավիճակը թոհուբոհի մէջ է, Սփիւռքը, Հայաստանն ու Արցախը լուրջ տագնապի մէջ են։ Հաւանաբար 1915-էն ետք ամենածանրակռիշ օրերն են, որ կ՝ապրինք։ Ազգային եւ ապազգային թեւերու բախում տեղի կ՝ուենայ հայութեան մէջ, այդ բախումը կը շարունակուի։ Ամէն անգամ, երբ ազգային թեւը գերակշիռ ըլլայ, մենք յաջողութիւններ կ՝արձանագրենք, երբ ազգային թեւը գերակշիռ էր՝ կերտեցինք Մայիս 28, կերտեցինք 92, 93, 94-ի Արցախը։ Այս մասին, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան դիմաց տեղի ունեցող բողոքի ցոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Խաչատուրեան։

Ան նշած է, որ երբ ապազգային թեւը գերակշիռ էր, ունեցած ենք Կարսի անկում, Արցախեան կորուստներ, 44-օրեայ պատերազմի պարտութիւն, նաեւ՝ Բերձորի, Սուսի, Աղաւնոյի հայաթափում ու յանձնում։

«Շատ դժուար է գտնել երկիրներ, ուր ղեկավարութիւնը կը վարէ ապազգային եւ ազգադաւ քաղաքականութիւն, այսօր Հայաստանը, դժբախտաբար, 2018 թուականի Մայիսէն ի վեր այդ ընթացքին մէջ է»,- ըսած է ան։