
Գաղափարներ, որոնք կրնան փոխել ձեր կեանքը
Գրողներու, փիլիսոփաներու եւ գործարարներու իմաստուն մտքերը, որոնք արժանի են ուշադրութեան:
- Մահուան մասին յիշողութիւնը լաւագոյն ձեւն է՝ խուսափելու այն մտքերէն, որ դուք կորսնցնելու բան չունիք:
Սթիւ ճոպսի ելոյթը Սթենֆըրտի համալսարանին մէջ, 2005-ին. «Յիշողութիւնը, որ ես շուտով պիտի մահանամ, ամենակարեւոր գործիքն է, որ կ՝օգնէ ինծի դժուար որոշումներ կայացնելու կեանքիս մէջ: Քանի որ մնացած ամէն ինչ՝ ուրիշի կարծիքը, ամբողջ հպարտութիւնը, վիշտը կամ անյաջողութեան ամբողջ վախը կ՝ընկրկեն մահուան առաջ՝ ձգելով միայն այն, ինչ իսկապէս կարեւոր է: Ձեզի ոչինչ կը խանգարէ: Դուք չունիք պատճառ ձեր սրտի ձայնին չհետեւելու համար»: - Իրական կեանքը խաղ է մէկ խաղցողի համար:
«Ընթերցանութեան, երջանկութեան, որոշումներու ընդունման, սովորութիւններու, ազնւութեան եւ շատ այլ բաներու մասին». Նաւալ Ռաւիգանտ
«Մենք շատ հասարակական կենդանիներ ենք, ինչպէս մեղուները, մենք կը ծրագրաւորուինք եւ կը վերահսկուինք արտաքին պայմաններէ: Մենք մոռցած ենք, թէ ինչպէս խաղալ եւ յաղթել խաղը մեր հետ: Մենք անընդհատ մրցակցութեան մէջ ենք իրարու հետ:
Իսկ իրական կեանքը մէկ խաղցողի համար նախատեսուած խաղ է: Մենք կը ծնինք եւ կը մեռնինք մինակ: Բոլոր ընկալումները, բոլոր յիշողութիւնները անհատական են: Երեք սերունդ ետք ոչ ոք կը յիշէ ձեզ: Մինչեւ մեր ծնիլը ոչ մէկը կը մտածէր մեր մասին: Մենք բոլորս մինակ ենք»:
- Մենք ոչ թէ քիչ ժամանակ ունինք, այլ շատ կը կորսնցնենք ժամանակ:
«Կեանքի համեստութեան մասին», Սենեկա
«Կեանքը մեզի բաւական երկար ժամանակ տուած է, եւ անիկա, մեծ մասամբ բաւարար է ամենամեծ բաները կատարելու համար, եթէ զայն օգտագործենք մտքով: Բայց եթէ ատիկա լաւ նպատակ չէ, եթէ մեր անառողջութիւնը եւ անփութութիւնը թոյլ կու տան, որ անոր մատներու մէջէն նայինք, կեանքի վերջին տարիներուն մենք պիտի կարծենք,
թէ կեանքը շատ արագ անցաւ, եւ մենք ոչինչ հասցուցինք»: - Ճակատագիրը երբեմն նման է աւազէ փոթորիկի, որ անընդհատ կը փոխէ ուղղութիւնը «Գաֆգան լողափին», Մուրագամի
«Կ՝ուզես փրկուիլ այդ անձէն, իսկ ան կը հետեւի քեզի: Դուն՝ այլ ուղղութեամբ, ան՝ նոյնպէս: Եւ այսպէս անընդհատ, կարծես դուն առաւօտեան մրցակցութեան մէջ մտած ես մահուան աստուծոյ հետ: Իսկ իրականութեան մէջ ատիկա փոթորիկն է: Ոչ այն փոթորիկը, որ եկած է հեռուէն, այլ՝ դուն: Բան մը, որ քու մէջդ է: Միայն կը մնայ մոռնալ ամէն ինչ, փակել աչքերն ու ականջները, որպէսզի այնտեղ չիյնայ աւազահատիկ, եւ մխրճուիլ այդ փոթորիկին մէջ:
Երբ փոթորիկը հանգստանայ, դուն ալ չես հասկնար, թէ ինչպէս կրցար անցնիլ անոր մէջէն: Երբ դուն անկէ դուրս գաս, պիտի հասկնաս, որ դուն այն չես, որ մտած էր փոթորիկի մէջ: Ահա թէ որն է աւազէ փոթորիկին իմաստը»: - Յաջողութիւնը ձեր նպատակը մի դարձնէք: Որքան դուք ձգտիք անոր՝ դարձնելով զայն նպատակ, այնքան դուք պիտի հեռացնէք զայն.
«Մարդը՝ իմաստ որոնելու պահուն», Վիքթոր Ֆրանգլ
«Յաջողութիւնը ձեր նպատակը մի դարձնէք: Յաջողութեան ետեւէն, ինչպէս երջանկութեան ետեւէն, պէտք չէ իյնալ:
Անիկա պարզապէս պէտք է գայ՝ իբրեւ մարդու սիրոյ եւ նուիրուածութեան արդիւնք:
Ես կ՝ուզեմ, որ դուք հետեւիք անոր, ինչ կը թելադրէ ձեզի ձեր կեանքը, եւ օգտագործէք անոր համար բոլոր ուժերն ու գիտելիքները»: