
Սոֆի Դեւոյեան. Պարուհի, պարուսոյց, դերասանուհի
Ծնած է Երեւան, 1949-ին։ 1961-1967 թուականներուն յաճախած է Երեւանի պարարուեստի ուսումնարանի դասական պարի բաժինը։ 1967-1990 թուականներուն եղած է Հայաստանի Պարի պետական անսամպլի պարուհի, մենակատար։ 1986-էն աշխատած է Պարի պետական խումբին մէջ՝ իբրեւ
պարուսոյց։ Ելոյթներ ունեցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու բեմերէն՝ Օլիմփիա, Կրանտ Օփերա, մեթրօփոլիթէն օփերա, Գարնեկի Հոլլ եւ այլն։ 1993-ին հիմնադրած է «Սոֆի Դեւոյեանի «Հոգու եւ պարի թատրոնը»»:
Բեմադրած է՝ «Կոմիտասը մեր աչքերով», «Ամարաս», «Ազնւութեան ակնթարթներ», «Ընդդիմութիւն», «Ազնաւուրեան ակնթարթներ», «Ես հաւատում եմ» պարերը։
Սոֆի Դեւոյեանի «Սամսարա» պարը՝ Լոզանի միջազգային փառատօնին՝ արժանացած է բարձր գնահատականի։
1994-ին ստեղծած է մշակոյթի կեդրոն, ուր կը գործեն բազմաթիւ պարախումբեր, ինչպէս նաեւ մանկական անսամպլներ։1995-ին ստեղծած է նոր ոճ, ուր չկայ զգեստ, դէմք, կան միայն ոտքեր եւ ձեռքեր։ Այդ ոճին մէջ կ՝արտացոլուի հայկական մանրանկարչութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը։
Նկարահանուած է «Կամոյի վերջին սխրանքը» ֆիլմին մէջ։ 2009-էն համագործակցած է «Արմէնիա» հեռուստաընկերութեան հետ, ուր խաղացած է քանի մը հեռատեսիլային դրուագի մէջ` «Կեանքի գին 1, 2», «Վերադարձ», «Բախտաբեր»։
1984-ին ստացած է ՀԽՍՀ վաստակաւոր արտիստի կոչում։