
Արցախի ԱԺ Խմբակցութիւնները Հանդիպած են Ռուսական Խաղաղապահ Զօրակազմի Ղեկավարութեան Հետ
Օգոստոս 23-ի առաւօտեան, տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանական 5 ուժերու ղեկավարներուն հանդիպումը ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավարութեան հետ։
Հանդիպման շարժառիթը Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանորդ-խորհրդական Մաքսիմ Սելեզնիովի՝ վերջերս ըրած յայտարարութիւնն էր, ինչպէս նաեւ Օգոստոսի սկիզբը Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի հերթական խախտումն ու անվտանգային հարցերը։
Հանդիպման ընթացքին վերոնշեալ հարցերուն շուրջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուներուն կողմէ տրուուած են պարզաբանումներ։ Մասնաւորապէս յղում կատարելով 2020թ․ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան՝ նշուած է, որ նոր երթուղին պիտի ունենայ նոյն միջանցքի իրաւական կարգավիճակը, եւ պիտի պահպանուին բոլոր անվտանգային բաղադրիչները՝ սկսեալ 5 քիլոմեթրնոց անվտանգային գօտիէն մինչեւ ռուսական խաղաղապահ ուժերու անցակէտերու տեղակայում։
Անդրադառնալով վերջին իրադարձութիւններուն՝ խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավար անձնակազմը նշած է, որ օգոստոսեան դէպքերուն հետ կապուած կատարած են անհրաժեշտ եզրայանգումներ, միաժամանակ վստահեցուցած են , որ լրացուցիչ ջանքեր կը գործադրեն՝ ապագային նմանօրինակ խախտումները կանխելու եւ մեր բնակչութեան պատշաճ անվտանգութիւնը ապահովելու համար։